‘Արսէն Նշանեան. «Հայրս տեղի պիտի չտայ. Ես այդ մէկը անոր աչքերուն մէջ տեսայ»’

1313

Արսէն Նշանեան իր հօր՝ թուրքահայ գրող, քաղբանտարկեալ Սեւան Նշանեանին հանդիպած է հինգշաբթի՝ 19 յունիսին Իզմիրի «Ալիաղա» բանտին մէջ: Ըստ Արսէնին՝ այս հանդիպումները կը կայանան շաբաթը անգամ մը ՝ ամէն հինգշաբթի օր: Սեւան Նշանեանի դէմ բանտարկութեան պատիժի արձակումէն ի վեր «Ալիաղա»ի բանտը արդէն երրորդ բանտն է, ուր անարդար ու անհիմն պատճառներով արգելափակուած Նշանեանը կը բոլորէ իր պատիժի օրերը: Այսօր Նշանեանի դէմ դատական նոր գործեր կը յարուցուին, ու մտավախութիւններ կան ,որ անոր տաս տարուան բանտարկութեան պատժագիր հրապարակուի: Այս եւ տարբեր թեմաներու մասին զրուցեցի Արսէն Նշանեանին հետ, որ ներկայիս կը գտնուի Պոլիս: Յիշեցնեմ, որ Արսէն Մեծն Բրիտանիոյ St.Andrews համալսարանի ուսանող է:

Ի՞նչ պայմաններու տակ կը գտնուի Սեւան Նշանեանը այսօր:

Սկսելու համար ըսեմ, որ նախնական շրջանին հայրս կը գտնուէր «Թորպալը»ի բանտին մէջ, եւ այդ բանտի րէժիմը բաւական հեշտ էր: Ան չըլլալով քրէական մեղադրանքներով բանտարկուած մէկը՝ իրաւունք ունէր ամիսը մէյ մը բանտէն դուրս գալ: Այնտեղ նաեւ ընթերցելու եւ համակարգիչ օգտագործելու հնարաւորութիւն ունէր: Մեզ հետ կապն ալ շատ բնական հունով կը պահպանուէր:

Իսկ հիմա՞:

Հիմա անհամեմատ դժուար են պայմաննները: Հայրս ոչ ոքի հետ կապ պահելու կամ հաղորդակցելու իրաւունք ունի: Միակ մարդը, որուն հետ կը խօսի, իր բանտապահն է:

Ըսիր, որ այցելած ես իրեն, կրնա՞ս պատմել ձեր վերջին հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին:

Այ՛ո, ամէն շաբթուան հինգշաբթի օրը Իզմիր կ’երթանք իր հետ հանդիպելու: Հայրս ծանր պայմաններու տակ է:Ապահովական խիստ կարգադրութիւններ կան եւ կարելի չէ մօտենալ իրեն,ան բանտի ճաղերու ետին է: Հանդիպման համար մեզի տրուած ժամանակահատուածն ալ շատ քիչ է:

Քու կարծիքովդ՝ ինչո՞ւ այսքան ծանր են պայմանները:

Իմ կարծիքով՝ իշխանութիւնները (Թուրքիոյ-Ս.Ա.) ծանր պայմաններ դրած են հօրս վրայ պարզապէս հոգեբանական ճնշումներ բանեցնելու նպատակով: Այս «Հոգեբանական չարչարանք»ները եւ ճնշումները նոր չեն եւ արդէն վեց ամիսներէ ի վեր հայրս ծանր վիճակներու մէջ է:

Ինչպէ՞ս գտար զինք: Ի՞նչ վիճակի մէջ է ան:

Առաջին ամիսները շատ ծանր եղան: Ան ամբողջութեամբ ճնշուած կը զգար ինքզինք:

Նո՞յնն  է հիմա:

Ո՛չ. եթէ առաջին ամիսները մինակ ու անզօր կը զգար, ապա այսօր իրականութիւնը տարբեր է:

Ի՞նչով կը զբաղի բանտին մէջ :

Գաղտնիք մը բացայայտելով՝ ըսեմ, որ երէկուան մեր հանդիպման առաջին անգամն ըլլալով՝ հայրս ինձմէ կարգ մը գիրքեր խնդրեց:

Ի՞նչ գիրքեր:

Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Օսմաներէն բառակապակցութիւններու մասին գիրքեր: Կարծես թէ այդ ուղղութեամբ որոշ աշխատութիւններ ընելու կը պատրաստուի: Բայց սխալ պիտի ըլլար եթէ այդ մասին կանխագուշակումներ ընէի:

Արսէն, հօրդ հետ իմ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ան մտավախութիւններ յայտնած էր, որ մոռացութեան կրնայ մատնուիլ ու յատկապէս Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ ունիս ըսելիք այս առումով:

Կայ այդ խնդիրը: Այսօր, օրինակ, Թուրքիոյ մէջ հայկական ոչ բոլոր թերթերը կը գրեն իր մասին: Ու մոռացութիւնը,  որուն ակնարկած է, ոչ թէ իր անձին կը վերաբերի, այլ իր կատարած գործին:

Ի՞նչ պէտք է ընել, ի՞նչ կ’ակնալէք:

Կը կարծեմ, որ ներկայ հանգրուանին մեծագոյն աշխատանքը, որ կրնանք ընել բոլորս, իր գործը աշխարհին ծանօթացնելն է: Այդ աշխատանքը պէտք է տանին նաեւ Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայերը: Օրինակ, ստեղծուած է «Սեւան Նշանեանի Պաշտպանութեան Կոմիտէ», եւ կը յուսամ, որ Սեւանի ընկերներն ու մտերիմները կը շարունակեն հանրային կարծիք ձեւաւորել իր դատին շուրջ:

Կը կարծեմ, որ հարկ է նամակագրութեան արշաւներ սկսիլ՝ ուղղուած  մարդկային իրաւանց հարցերով զբաղող գրողներու, մտաւորականներու, լրագրողներու եւ առհասարակ իր դատին հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող մարդոց մօտ արթնութիւն մը յառաջ բերելու համար: Կարելի է զանոնք նոյնպէս հրաւիրել Թուրքիա եւ սեմինարներ կազմակերպել կամ այդ ձեւի հաւաքներ ընել ՝մինչեւ որ հօրս արդար դատին մասին բոլորը իմանան:

Իսկ ի՞նչ հունի մէջ են «Շիրիճէ»ի մէջ գտնուող ձեր զբօսաշրջիկային համալիր- պանդոկին աշխատանքները:

Կը փորձենք մեր կարելին ընել հօրս սկսած գործը բնական հունով շարունակելու համար, ու ցարդ ամէն ինչ բնական հունի մէջ է: Ճիշդ է, որ ազդուեցանք ստեղծուած իրավիճակէն, բայց եւ այնպէս գործը կը շարունակուի:

Երէկ Սեւանին հետ հանդիպեցար. ի՞նչ էր անոր պատգամը:

Հայրս տեղի պիտի չտայ այս ճնշումներուն դիմաց այդ էր իր վերջին խօսքը: Ես այդ մէկը զգացի՝ նայելով անոր աչքերուն մէջ: Ան իր մտաւորական աշխատանքները պիտի շարունակէ ամէն գնով, ու այս մասին ան յայտարարեց նոյնիսկ իր բանտ մտնելու առաջին օրը: Ուրեմն պայքարը պիտի շարունակուի: Հօրս պայքարը մտաւորական պայքար է: Բառի եւ գաղափարի պայքար է: Կը հաւատամ, որ ամէնէն կարեւորը իր արտադրած գործին հանդէպ ըլլալիք յարգանքն ու յարգանքէն անդին ուշադրութիւնն է: Հայրս վճռած է պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ առկայ սխալներուն դէմ: Սխալներ, որ հարիւրաւոր տարիններէ ի վեր կը քնանան այս երկրին մէջ: Գիտեմ, որ դժուար է հաւատալ եւ միաժամանակ՝ նուիրուիլ նման պայքարի մը, որովհետեւ այս ճամբան լեցուն է վտանգներով: Ու կարիք չեմ զգար այստեղ այդ վտանգներուն մասին խօսիլ:

Յանուն ինչի՞  կը պայքարէր Սեւանը:

Անոր պայքարը մէկ հատուածի մը համար եղած պայքար չէր: Ան կը պայքարէր Թուրքիոյ մէջ եղած բազմաթիւ խնդիրներու, անարդարութիւններու, ճնշող եւ անիրաւ գաղափարախօսութիւններու դէմ:

Վերջին ըսելիք մը ունի՞ք :

Շատ պիտի խնդրեմ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցները լայն տեղ տան Սեւան Նշանեանի խնդրին ու աւելի մօտէն հետեւին անոր արդար դատին:

Սագօ Արեան

 

Նախորդ հոդվածը‘Լարված իրավիճակ Աֆրիկյանների տան մոտ՝ Համասյանի համերգից հետո (ուղիղ)’
Հաջորդ հոդվածը‘Յուրիկ Վարդանյանը նշանակվել է Վրաստանում Հայաստանի դեսպան’