‘iLur Բլոգ. Ալիս Մունրո. կարճ պատմուածքի նոր իշխանուհին’

2046

Սագօ Արեան

Երբ Ալիս Մունրոն շուրջ ամիս մը առաջ   Նոպէլեան  գրականութեան մրցանակ ստացաւ, գրեթէ  բոլոր քննադատները  զարմանքի արտայայտութիւններով դիմաւորեցին լուրը: Այդ զարմանքը կարելի է հասկնալ, որովհետեւ Նոպէլեան մրցանակի  թեկնածուներն եւ առհասարակ այդ մրցանակի մասին լուսաբանութիւններ  կատարող լրագրողները  առաւելաբար կը խօսէին Ճապոնցի արձակագիր Հարուքի Մուրակամիի` մրցանակին տիրանալուն մեծ հաւանականութեան մասին: Այստեղ տեղին է   յիշել, որ Ալիս Մունրո առաջին Գանատացին է, որ այս մրցանակին կը տիրանայ ու  այս առթիւ անոր կը յատկացուէր կարեւոր գումար մը:Ուշագրաւ է նաեւ,  որ «Արդի դարու Չէխով» անուանուած այս տիկինը Նոպէլեան մրցանակին կը տիրանար`  այդպիսիով լոյս սփռելով  կարճ  պատմուածքի  ժանրին վրայ,  որ առաջին անգամն էր, որ  նմանօրինակ   մրցանակի մը միջոցաւ կը պատւուէր:Այս տուեալներէն ետք կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, որ Սթոքհոլմի Նոպէլեան մրցանակի դատակազմը այս արարքով միանգամայն քանի մը «Թռչուն»  կը յաջողէր որսալ.նախ  «Գրական աշխարհ»ի ուշադրութիւնը կը սեւեռէր  Գանատայի առաւելաբար անծանօթ գրական աշխարհին վրայ  եւ լոյսին կը բերէր կարճ պատմուածքի ցարդ անտեսուած ժանրը: Խօսելով Մունրոյի պատմուածքներու հերոսներուն մասին՝ կարելի է ըսել, որ  անոր հերոսները գլխաւորաբար  Գանատայի Օնթարիոյ նահանգի ծայրամասերուն մէջ ապրող կիներն են, ու ան  յաջողած է մարդկային կեանքի ճանապարհը հատելով՝ ընթերցողին  ներկայացնել մարդ արարածին գոյութենապաշտութիւնն  ու  կեանքի պայքարը: Ալիս Մունրո  այս մրցանակով կը դառնար  այն   13-րդ կինը, որ կը տիրանար այս պատիւին:Այստեղ    յիշելու կարգով ըսեմ, որ  վերջին կին  գրողը, որ Նոպէլեան մրցանակի  տիրացած էր,  Գերմանացի գրող   Հէրթա Միւլլէրն է , որ «Նոպէլեան»ը ստացած է   2009 թուականին:

Յայտնեմ  նաեւ, որ Նոպէլեան մրցանակ ստանալու կարեւորագոյն թեկնածուներէն, Ճապոնցի Մուրակամիէն բացի ՝ ուշադրութեան արժանի անուն  է Ամերիկացի  գրող Ճոյս Քարոլ Օթցը   եւ մէկ այլ Ռուս կին գրող,   որ կը կոչուի Սվէթլանա Ալէքսէվիչ:Կարեւոր երեւոյթ է , որ Սթոքհոլմի Նոպէլեան բաձրագոյն մարմինը յատկապէս վերջին տարիներուն շնորհուած մրցանակին ընդմէջէն նպատակ կը հետանդէր ոչ  միայն այդ կերպ պատուել մրցանակակիր հեղինակը, այլ նաեւ այն գրականութիւնն ու երկիրը, որմէ կը սերի մրցանակակիրը:Մունրոյի պարագային շեշտը կը դրուէր Գանատական  գրականութեան վրայ   տրուած ըլլալով, որ Գանատայի  վերջին տարիներու գրական նուաճումներն ու ընդհանուր մթնոլորտը արժանի են կարեւոր ուշադրութեան:

 Խօսելով Ճապոնցի  վիպագիր Հարուքի Մուրակամիի թեկնածութեան մասին՝ կարելի է նկատի առնել այն երեւոյթը, թէ  անցեալ տարի Չինացի գրող Մու Եանի  մրցանակ ստանալու փաստը մեծապէս կը վնասէր  Մուրակամիին, մանաւանդ որ Սթոքհոլմի  «Նոպէլեան» դատական մարմնին  համար ընդունելի չէր, որ տարի մը առաջ Ասիական երկրի  մը տրուած  մրցանակէն ետք  այս տարի եւս  նոյն մրցանակը երթայ Ճապոնին, այսինքն  Ասիական ցամաքամասին: Այս առումով կարեւոր կէտ մըն ալ պէտք է արձանագրել, թէ Ամերիկեան ցամաքամասի ներկայացուցիչ  գրողը  եւս   ՝ Ճոյս Քարոլ Օթց,     կարեւոր թեկնածու մը կը համարուէր պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ վերջին Ամերիկացի գրողը, որ այս մրցանակին տիրացած էր,   կը կոչուէր Թոնի Մորիսըն, ու մրցանակատւչութիւնը  տեղի ունեցած էր քսան տարի առաջ:Բայց  այս բոլոր ենթադրութիւններուն դէմ կանգնելով ու հակառակ ուղղութեամբ երթալով ՝ Նոպէլեան մրցանակ շնորհող   մարմինը հերթական անգամ  կը կայացնէր անսպասելի  որոշումը՝  82-ամեայ Ալիս Մունրոյին տրամադրելով   այս հեղինակաւոր մրցանակը:

Ինչպէս վերը նշեցի, «Նոպէլեան»  այս տարուան մրցանակը, առաջին անգամ ըլլալով,  կը տրուէր կարճ պատմուածքի ժանրին  ու իր հիմնուելէն  112  տարի ետք  գրական ամենաճանչցուած   (չեմ ուզեր ըսել՝ ամենահեղինակաւոր) մրցանակը   ուշադրութեան արժանի կը դարձնէր   գրական այդ տեսակը:

   Մունրոյի  մասին խօսելով՝ հարկ է յիշեցնել, որ Գանատացի այս տիկինը, որ միշտ   նախընտրած է  լոյսերէն հեռու  ապրիլ,  անոր  հերոսներուն մեծ մասը  Գանատայի Օնթարիո  շրջանին մէջ  ապրող կիներն են: Մունրոյի ստեղծագործութիւններուն մասին խօսելով՝    Ամերիկացի   գրաքննադատ Տէյվիտ Հիւմիլ ըսած է, թէ Մունրո,  հակառակ անոր, որ կին գրողներու մասին է, որ  կը գրէ,  բայց ան  ոչ մէկ ատեն փորձած է «Սատանա»ի  կերպարանք  տալ  տղամարդոց:Ալիս  Մունրո ծնած է 10 Յուլիս  1931-ին Գանատայի Օնթարիոյի նահանգի   հիւսիսային «Ուէնկհամ»   արուարձանին մէջ:Մունրոյի    հայրը անասնապահ էր ու մայրը  ուսուցչուհի:Ան  իր պատանեկութեան տարիներուն է, որ գրող դառնալու փափաք յայտնած է  քանիցս՝ ըսելով, թէ ուրիշ ոչինչ ընելու ունակութիւն ունի:Մունրոյի  առաջին պատմուածքը տպագրուած է 1950 –ին  եւ կը կրէ  «Շուքի հեռաւորութիւններ»ը խորագիրը:  Երբ դեռ ուսանող էր  «Ուէսթըրն Օնթարիո» համալսարանին մէջ, ան  կը ծանօթանայ Ճէյմս Մունրոյին   եւ  անոր հետ ամուսնանալով՝ կը  տեղափոխուին Վէնքուվըր:Մունրո  նաեւ տիրացած է միջազգային վարկ  ունեցող գրական տարբեր մրցանականերու,  բայց եւ այնպէս միշտ ալ ուզած է ապրիլ ու ստեղծագործել ուշադրութիւնէ եւ հռչակէ հեռու:Այդ մրցանակներէն պէտք է յիշել Բրիտանական   Man Booker International Prize  մրցանակը, որ Անգլիատար գրականութեան ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներէն  եւ Մունրոյին շնորհուած է  2009  թուականին: Այդ տարին է նաեւ, որ Մունրո լրատուական միջոցներուն կը յայտարարէր, որ կը տառապի    քաղցկեղէ  ու յաջողած է դէմ դնել ու «Յաղթել» այդ հիւանդութեան եւ այդ մասին գրել «Կեանք սիրելի» անունով պատմուածքի մը մէջ, որ հրապարակուած է  2012-ին:

 Շուէտական  ակադեմիոյ «Նոպէլեան»  հիմնարկի  յայտարարութեան մէջ,  որ  յատկապէս  կը բնութագրէ Մունրոյի  գրական  աւանդը,  ըսուած է, թէ ան այս մրցանակին արժանի  է,  որովհետեւ իր ստեղծագործութիւններով  լոյսին կը բերէ  շատ  աննշան ու անյայտ  Գանատական  արուարձաններու մէջ ապրող     մարդկոց կեանքը,    որոնք ամէն գնով կը փորձեն խաղաղ կեանք ստեղծել ու ապրիլ՝ հակառակ անոր, որ շատ յաճախ կը պատահի, որ  անոնք    բաւական բարդ կացութիւններու առջեւ կը յայտնուին:Մունրոյի պատմուածքներուն կարեւոր մէկ յատկանիշն է նաեւ ցոյց տալ  սերունդներուն միջեւ առկայ  բախումներն ու ձեւաչափերու տարբերութիւնները:

Մունրո, որ մրցանակը ստանալէն ետք   հեռախօսային արձանագրութեամբ մը իր խօսքը ուղղած է  այս առիթով Սթոքհոլմ հասած հիւրերուն, նկատել տուած է, թէ իրեն համար իրօք անակնկալ էր այս մրցանակը՝ հակառակ անոր, որ  իր անունը շատ յաճախ  տեղ գտած է մրցանակի թեկնածուներու ցուցակին մէջ:Աւարտին ան   մեծ հրճուանք մը ապրելէ անդին նկատել տուած է, թէ յոյս ունի, որ մրցանակը  կարեւոր     կերպով  մը  դրական    անդրադարձ կ’ունենայ Գանատական գրականութեան վրայ ու կը  սատարէ, որ գրականութեան ոլորտին մէջ եղող մարդիկ  աւելի մօտէն հետաքրքրուին   այդ գրականութեամբ:

Աւարտին յայտնեմ որ Մունրո շատ կարճ կը խօսի, ու պատահական չէ իր քչախօսութիւնը,  որով ան  կարճ պատմուածքի իշխանուհին է, ու իր համար  խօսքը պէտք է ըլլայ կարճ ու բովանդակալից, հեռու շպարումներէ, բայց մանաւանդ՝ հեռու կեղծիքէ:

Նախորդ հոդվածը‘Ատոմակայանի աշխատած վառելիքի չոր պահեստարանը կշահագործվի մինչեւ 2020-ը’
Հաջորդ հոդվածը‘«Մանչեստեր Յունայթեդ» — «Արսենալ», «Յուվենտուս» — «Նապոլի» և ևս մի քանի հանդիպումներ, որոնք չարժե բաց թողնել’