‘iLur Բլոգ. Արդեօ՞ք Ամերիկեան Գնացքին Յաջորդ Կայարանը Թեհրան է’

4509

Սագօ Արեան

Իրաքի մէջ անցեալ Յունիսին ծաւալած դէպքերը շրջանին մէջ ստեղծուող նոր փուլի մը մասին կը խօսին: Երկրին մէջ քաղաքական տագնապին խորութիւնը, առկայ երկփեղկումը, տարակարծութիւնները եւ հին վէրքերը կրնան Իրաքը մէկանգամընդմիշտ բաժնել երեք մասերու:

Համեմատաբար աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցող Շիիթ համայնքը յատկապէս վարչապետ Մալէքիիի գլխաւորութեամբ անցնող քանի մը տարիներուն վարեց հատուածամոլ քաղաքականութիւն, որուն դիմաց Սիւննի մեծամասնութիւնը, միաւորուելով Իրաք ներթափանցած ծայրայեղականներուն հետ, արեան գնով փորձեց խաղի նոր կանոններ պարտադրել: Իրաքցի Սիւննին կ’ատէ Շիիթը, որն իր կարգին մեծ ոխ ունի Սիւննիներուն, (Սատտամ Հիւսէյնի օրերէն մնացած) Արաբական ցեղախումբերուն ու Պաաս կուսակցութեան մնացորդացին դէմ: Ինչ կը վերաբերի Քիւրտերուն, անոնք այսօր դարձած են հաւասակշռող հիմնական Ֆաքթէոր: Քիւրտերուն հանդէպ Մալէքիի ունեցած վարմունքը ամբողջութեամբ կտրեց անոնց պորտալարը Շիիթներուն հետ, եւ եթէ Մալէքի շարունակէ իշխանութեան վրայ մնալ ապա այդ լարուածութիւնը անպայման բախումներու պիտի առաջնորդէ, մէկ կողմէ՝ իշխանութեան, միւս կողմէ՝ Քիւրտիստանի «Պաշմարքա»ին միջեւ:

Միւս կողմէ՝ ամբողջական եւ հզօր Իրաքի մասին Օպամայի վարչակազմին հնչեցուցած «դասերը» դարձած են անհեթեթ:Այս առումով կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ երկու Քորէաներու «ստեղծում»ը, երկրագունդին վրայ սնդիկի մեծութիւն ունեցող Լիբանանի բաժանման փորձերը կամ Սուտանի մի քանի հատուածներու վերածումը Ամերիկեան ձեռագիր ունին: Ամերիկեան քաղաքական ձեւաչափին ամէնէն կարեւոր օրէնքը «Բաժնէ, որ տիրես»ն է, ու այս օրէնքի վերածուած համոզումը տարիներու ընթացքին դարձած է հիմնադրոյթ: Ամերիկացիք կը հաւատան, որ աւելի հեշտ է վարուիլ ու կառավարելի դարձնել փոքր մասնատուած երկիրները, քան թէ, ըսենք, Իրաքի նման հզօր տարածութեամբ սահմաններ ունեցող երկիր մը: Ասոր վրայ նաեւ պէտք է աւելցնել Րատիքալ Իսլամի լծակը, որուն շնորհիւ ԱՄՆ ու իր հաւատարիմ դաշնակիցները իրենց ուզած պահուն եւ ուզած վայրին մէջ կրնան ահաբեկչութեան դէմ պայքար տանելու քողին տակ օրակարգ պարտադրել:

Ստեղծել հերոս եւ ապա անոր կերպարը դարձնել սատանայ: Կերտել կերպար, անոր բերնին մէջ դնել հերոսական բառեր, զայն ազատութեան համար կռուող ռազմիկի վերածել ու ապա զինք «մարդկութեան թշնամի» հռչակել: Ապա այս բոլորէն ետք կրծել այդ «սատանա»ին թեւերը, փակել անոր բերանը, հանել անոր աչքերը եւ ըսել՝ տեսէ՛ք, ես յաղթեցի հրէշին:

Անուններ կ’ուզէ՞ք: Ուսամա Պըն Լատէնը այս անուններուն վերջինը, բայց վերջնագոյնը չէ: Անոր առաջին մարտնչումները եղած են Աֆղանիստանի մէջ հակախորհրդային դրօշին տակ:

Արեւմուտքին համար այսօր մեծագոյն զէնքը, մէկ կողմէ ՝ Իսլամը ատել սորվեցնելն է, եւ միւս կողմէ՝ Իսալամական անունին ներքեւ մէջտեղ եկած ծայրայեղականնները տարբեր դաշտերու մէջ օգտագործելը: Հակառակ անոր, որ նոյն Ամերիկացին ցարդ չէ ճանչցած ու չի գիտեր, որ ո՞վ է Իսլամը, ուրկէ կը սերի, եւ ինչ են անոր ըմբռնումները: Ուրեմն՝ Ամերիկա կը շարունակէ իր ոճով ուտել իր «խորթ զաւակներ»ուն գլուխները:

Իրաքի վերջին զարգացումներուն մէջ եւս առկայ է Իրանեան ֆաքթէորը: Նինուէի,Պիժիի եւ Սամարայի դէմ կատարուած Իրանեան օդուժին գրոհներուն ընթացքին զոհուած են մէկէ աւելի Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու սպաներ: Անոնց մասին օրինակ մը տալու համար պէտք է յիշեմ զօրավարի կոչում ունեցող Շուժահաթ Ալամտարի Մըրժանին: Մերժանի, որ սպաննուած է Իրաքեան Սամարայի վերեւ (անոր օդանաւը ջախջախուած էր), թաղուեցաւ Շիրազի մէջ: Ըստ «Ալ Արապիա» կայանին՝ այս ոչ առաջին, ոչ ալ վերջին սպան է, որ կը զոհուի յանուն Շիիթ սրբավայրերու պաշտպանութեան: Միւս կողմէ՝ Իրանեան բանակի կարեւոր պատասխանատուներէն ՝ Զօր. Քասէմ Սուլէյմանի կը յայտարարէ, որ Իրանի իրական սահմանները, Իրաքէն եւ Սուրիայէն անցնելով՝ կը հասնին մինչեւ Լիբանանի հարաւը, ուր Իրան պատրաստ է իր թշնամիին Իսրայէլի կամ «Մեծագոյն սատանա»ին (Ալ Շէյթան Ալ Աքպար) «հոգեզաւակ»ին աչքերուն նայելու: Այս ճահիճին մէջ մտնելով՝ Իրան մտքահան ըրած է նաեւ, որ բաժանումի սլաքները կրնան առանց աղմուկ ստեղծելու տքտալ Թեհրանի մէջ: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Իրանցիներու կարեւոր մէկ հատուածը դէմ է այս րէժիմին:

Երկրին 51 առ հարիւրը Պարսիկներ են, եւ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք դժգոհ են այս իշխանակարգէն եւ կը խորհին, որ մինչ րէժիմին ոտքերը այսօրուան ժամանակին մէջ է, ապա անոր ուղեղը կը գտնուի պատմութեան փոշիներուն մէջ:

Բացի ատկէ, Արաբները,Պալլուշացիները, Զրադաշտականները, Ճիլաքները, Քիւրտերը, Թիւրքմէնները, Պահաականները Ազերիները, Սիւնները Լուրերը, Ասորիները, Գաղթէացիները եւ այլ հատուածներ եւս դժգոհ են, ու անոնք եւս կը սպասեն յարմար առիթի մը, որպէսզի ըմբոստանան իրենց համար բաւական ճնշիչ պայմաններ ստեղծած Իսլամական րէժիմին դէմ: Այս առումով չեմ ուզեր հայկական համայնքին մասին շեշտադրումներ ընել, բայց բոլոր անոնք, որ կրնան քննադատել այս մօտեցումը, մէկ բան պէտք է ի մտի ունենան, որ եթէ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան սկիզբը այսինքն ՝ 1970-ականներուն Պարսկաստանի մէջ կ’ապրէին շուրջ 250.000 հայեր ապա այսօր Իրանի մէջ ապրող հայերուն թիւը նուազած եւ հասած է 130.000-ի: Միակ տարբերութեամբ, որ hայ համայնքի անդամները շատ մեծ զգուշութեամբ կը մօտենան այս թեմային ու երկրէն դուրս գտնուելով հանդերձ՝ կը խուսափին ըսելու, որ իրենց Իրանէն հեռանալու գլխաւոր պատճառը նոյն Իսլամական հանրապետութեան յոռի երեսներն են:

Խոցելի է նաեւ Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը: «Կայսրութիւն»ը, մոռնալով իր տնտեսական ծանր տագնապը, դրամական մեծ յատկացումներ կը տրամադրէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի իր «սահմանները» պահպանողներուն՝ մոռնալով նաեւ, որ երկրին մէջ առկայ տնտեսական, բարոյական եւ հոգեբանական ճնշումները կրնան անսպասելիօրէն պալարի նման պայթիլ: Այս տուելաներէն մէկնելով՝ Իրաքի մասնատման համար կռուող Միացեալ Նահանգներուն համար Իրան համոզիչ կայան մըն է: Ու եթէ Արեւմտեան վեցեակին եւ Իրանի միջեւ միջուկային գործառք-համաձայնութիւնը ձախողի, դժուար չէ մտածել, որ Ամերիկեան մասնատման հանրակառքի յառաջիկայ կայարանը Թեհրանը պիտի ըլլայ: Ու վտանգաւոր է այն, որ այդ մասնատումը կրնայ «թաւշեայ» կամ «կանաչ» յեղափոխութեամբ մը չըլլալ:

Իրաքի բոլոր ճանապարհները բաց են Իրանի առջեւ, ու «ծերացած կայսրութեան» ապահովութան դարպասներուն ամրութիւնը կախեալ է այդ երկրի ամբողջականութիւնէն:Այսինքն եթէ վարչապետ Մալէքի ընդունի զիջիլ ու խաղէն հանգիստ կերպով դուրս գալ, ապա Արեւմուտք- Իրան համաձայնութեան հաւանականութիւնը կը բարձրանայ:

Իրան լաւ գիտէ, որ Ամերիկեան բաժանումի շարժակները աղիտաբեր են:

Սակայն արդեօ՞ք Իրանի նախագահը պիտի անտեսէ երկրի արմատականներուն Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու որոշումը ու բաց ծով նետուելու պէս ընդունի արեւմուտքի պայմանները:

Սպասենք: 

Նախորդ հոդվածը‘Սաուդյան Արաբիայի թագավոր. Իսրայելի գործողությունները «ռազմական հանցագործություն» են’
Հաջորդ հոդվածը‘Պատանիները ցելոֆանե թաղանթի և սկոչի օգնությամբ բնակարանում լողավազան են սարքել’