‘iLur Բլոգ. Արդեօ՞ք Հալէպահութեան խնդիրը օրակարգի վրայ է’

1557

Սագօ Արեան

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ տագնապի զարգացումներէն  պարզ դարձած է, որ արեւմուտքին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար բնաւ աճապարանք չկայ  Սուրիական  տագնապին հանգուցալուծումը ապահովելու: Իսկ Ռուսիոյ համար  առաջնային խնդիր է  ՄԱԿ-ի  ապահովական խորհուրդին  առջեւ փաստեր   ներկայացնել, որ Ասատեան վարչակարգը քիմիական զէնքեր չէ օգտագործած Դամասկոսի Ղութա շրջանին մէջ: Սէուտցի յայտնի լրագրող   Ժամալ Խաշըքճի   «Ալ Հայաթ» օրաթերթին մէջ  իր ստորագրած յօդուածին մէջ խոր  մտահոգութիւն կը յայտնէ նաեւ, թէ   յատկապէս Միացեալ Նահանգներ կրնայ Ռուսիոյ եւ Իրանի   «համոզիչ» ու   մեղրամոմով պատուած  լեզուներուն  ազդեցութեան  տակ  ինք նախագահ Պարաք Օպամա  ինքզինք հեռացնէ Սուրիոյ տագնապին   մէջ ուղղակիօրէն միջամտելու բոլոր եղանակներէն: Ապա եթէ այդպէս պատահի, ինչ պատկեր կրնայ ստեղծուիլ Սուրիոյ մէջ: Նախ, Ասատեան վարչակարգը, որ խորքին մէջ զինուորական ճակատէն զատ՝ բոլոր գետիններուն վրայ  մեծ հարուածներու տակ կքած վարչակարգ մըն է,  կրնայ այսպէս  իր   «հիւանդ» գոյութիւնը   պահպանել՝ շարունակելով յատկապէս օդային  ռմբակոծումներով նոր սպաննութիւններ գործադրել: Խորքին մէջ՝ այս իրավիճակին հասնելու նպատակով է, որ Ասատ իր նախնական համաձայնութիւնը տուաւ քիմիական զէնքերու իր ունեցած  նախնական ցուցակները «պարտաճանաչ ու խելօք» ձեւով յանձնելու Պրիւքսէլի   քիմիական զէնքերու արգելափակման   միջազգային գործակալութեան  աշխարհին՝ ըսելով,  թէ ես պատրաստ եմ ամէն ինչ յանձնելու միայն մէկ փափաքով՝  թողէք ինձ հանգիստ,  որպէսզի   շարունակեմ «ղեկավարել»  մասնատուած ու աւերակուած Սուրիան:

 Այս սցենարը առկայ է, բայց  կարեւոր է   հաշուի առնել Փութինի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, երբ Ռուսիոյ «նոր ձարը» կը յայտարարէ, թէ   ինք ամբողջութեամբ չի հաւատար Պաշշար Ասատի խոստումներուն, ու իր կեցուածքները կրնան փոխուիլ, եթէ նկատելի դառնայ, որ Ասատ կը ստէ աշխարհին:

Իրան  աւելի    սկզբունքային խաղով   կը մասնակցի տագնապին, ու իր համար կարեւոր է մինչեւ վերջին պահը պաշտպանել  Ասատեան վարչակարգը, ու գաղտնիք ալ չէ արդէն,  որ   «Իրանի յեղափոխութեան պահակներ»ու ղեկավար ՝ Զօր. Քասէմ Սլէյմանի    անձամբ կը մասնակցի Սուրիոյ մէջ ընթացող  մարտերու ղեկավարման գործընթացին:

Մինչ Արաբական աշխարհի բաղկացուցիչ  գրեթէ բոլոր  տէրութիւնները կը քննադատեն ու կը պայքարին, որպէսզի  Ասատեան վարչակարգը տապալի, Իրան իր շահերէն ու Արաբներուն դէմ իր ունեցած  հին ոխը գործի մղելով՝   այս մեծ ու ահաւոր պատերազմէն կ’ուզէ օգուտներ  քաղել: Իրան  պարտուելու տեղ ալ չունի արդէն, եթէ իր ազդեցութիւնը    վերանայ Սուրիոյ մէջ: Որովհետեւ ինք ալ գիտէ, որ իր ազդեցութիւնը  ժամանակաւոր ու ոչ բնական  ազդեցութիւն մըն է:  Այստեղ փակագիծ մը բանալով՝ պէտք է  ըսեմ,  որ Հայերս Սուրիոյ տագնապին  ամբողջական  պատկերը հասկնալու ճիգ չենք ըրած ցայսօր, ու մեզի համար  հասկնալի ալ  չէ, որ Սուրիոյ մէջ  խնդիրը նաեւ Իրանեան- Արաբական  շահերու բախման խնդիր է, ու այս տագնապին մէջ Արաբներն են  իրաւացին ու շրջանային  արմատներ ունեցողները, եւ ոչ թէ աւելի հեռու գտնուող Իրանը:  

Եթէ պատերազմը այս ընթացքով շարունակուի, ապա  Սուրիոյ տագնապին կրակները կրնան արագօրէն փոխադրուիլ Լիբանան եւ Յորդանան, ու ասոր դիմաց  ինչ պիտի ըլլայ մեր կարծիքը եւ ընելիքը: Արդեօք այդ գալիք հակամարտութիւններուն մէջ, օրինակ՝ Լիբանանի պարագային, հայկական  կողմը  պիտի մասնակցի՞ ներքին  բախումներու նոր հաւանական սցենարի մը: Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանահայութիւնը  իր յայտնի «Դրական չէզոքութեան» դիրքով ամբողջ   քսանհինգ  տարի տեւած Լիբանանեան պատերազմին յաջողեցաւ գաղութը հեռու պահել ահաւոր ու մահացու հարուածներէ: Հայութիւնը բոլոր կողմերէն յարգուեցաւ ոչ միայն իր Քրիստոնեայ համայնք ըլլալուն համար, այլեւ չէզոք դիրքին համար:

Վերադառնալով Սուրիա, եւ մինչ քիմիական  հիմնախնդրին  պարանաձգութիւնը  կը  շարունակուի,  զինուորական գետնի վրայ նոր երեւոյթ մը  տեսանելի դարձած է: Յատկապէս    Իրաքէն ներխուժած   «Տայէշ»(«Տաուլաթ Իրաք Ուալ Շամ անուան կրճատուած ձեւը) ծայրայեղական խմբակցութեան ներհոսքը, որ    յատկապէս Հալէպի մօտ եղող  «Ազէզ» շրջանին մէջ  բախումներ ունեցաւ Սուրիոյ ընդդիմութեան կարեւորագոյն բաղկացուցիչը   կազմող ոչ ծայրայեղական   «Ազատ բանակ»ին դէմ:

Այս երեւոյթը  հարեւանցի աչքերով դիտելով՝ կարելի է ըսել, թէ  Սուրիոյ ըննդիմութեան տարբեր խմբակցութիւնները արդէն  սկսած  են  իրար «միս ուտել»,  բայց այս մօտեցումը հիմովին սխալ  է, որովհետեւ նոյն այդ «Տայէշ»ը    Պասսեան արգադին  մէջ սերտաճած ծայրայեղական Իսլամիստներու խմբակցութիւն մըն է, ու դժուար չէ վերլուծել թէ ինչ մղումներով եւ ինչ նպատակներով   կը մասնակցի Սուրիոյ պատերազմին: Ո՞ւր էին այս ծայարայեղականները եւ  ինչպէս ծագեցան: Այս հարցումներուն պատասխանը  ժամանակը պիտի տայ: Պատերազմական  այս թաքթիքային  շարժումներուն մէջ եւս կարեւոր է նշմարել նաեւ, որ   յատկապէս Քրիստոնեայ  «Մաալուլա»ի  դէմ կատարուած  յարձակումը  երեւելի կը դարձնէ, որ վարչակարգը ամէն բան կ’ընէ՝  ցոյց տալու աշխարհին, որ ինք Քրիստոնեայ հաւաքականութիւններուն պաշտպանն էր երէկ ու   պիտի շարունակէ  այդ ոճով գործել: Շատ տրամաբանական է նաեւ, որ բացի Արաբներուն մեծամասնութիւնէն՝  շատեր նաեւ այն համոզումին հասած են, որ Ասատեան համակարգը պիտի  տապալի: Այլ ճանապարհ չկայ, ու  երկու տարիներու ընթացքին այսքան արեան վրայ  ոչ մէկ իշխանութիւն    իրաւունք   ունի մնալու: Այս մասին համոզուած են նաեւ   իշխանութեան բաղակացուցիչ տարրերը հաւանաբար, սակայն՝ լռելեայն: Իսկ եթէ մնան ու շարունակեն  իշխել, ապա   այդ մէկը պիտի ըլլայ Յորդանանի  եւ յատկապէս Լիբանանի ապահովութիւնն ու անդորրը   կազմալուծելու գնով:  Եւ արդեօք Արաբները պատրա՞ստ են ընդունելու այսքան հրդեհ ու աւերածութիւն:

Հայկական գետնի վրայ  կարեւոր  է  անգամ մը եւս հարցականներ բարձրաձայնել:  Հարցը կ’ուղղուի անոնց,  որոնք  առիթ չեն փախցներ ըսելու համար, որ Հալէպը պիտի շարունակէ մնալ Սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն մէկը:Այսօր այդ ձայները  արդէն լսելի չեն: Հալէպի հայութիւնը լքուած է իր ճակատագրին, ու հոն սնունդի, առօրեայ հացի, կապի եւ հաղորդակցութեան խնդիրները դարձած են   անլուծելի: Ո՞վ  պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն, ու  վերջապէս՝ ո՞վ է պատասխանտուն Հալէպի հայութեան անվտանգութեան    պահպանման  համար:

Մտահոգիչ է Հալէպի հայութեան վիճակը: Ճիշդ է, որ այսօր համեմատական խաղաղութիւն կը տիրէ,  բայց  երէկ  «Ազատ բանակ»ի ջոկատները Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ  կարեւոր  նուաճումներ կատարած են՝ բան մը,  որ կրնայ շարունակուիլ, որովհետեւ վարչակարգին համար  հիմնական խնդիրը Դամասկոսը պահելն է, ոչ թէ Հալէպը: Այս ֆոնին վրայ  յատկապէս սպասելի  է, որ  Ասատեան Րէժիմին հանդէպ շատ մը Հալէպահայերու ունեցած հերթական համակրանքը, որ արդէն անիմաստ դարձած է, առնուազն  վերջ մը գտնէ: Մեր ժողովուրդը միշտ ալ եղած է ազատատենչ ու արդարութեան կողքին պայքարող ու նոյնիսկ ու  եթէ շատերուն համար անհասկնալի է, որ Սուրիոյ մէջ առկայ պայքարը ոչ միայն Ռուս- ամերիկեան գերտէրութեանց  շահերու բախման  պայքարն  է, ան   յատկապէս ազատագրական պայքար է:  Ու պարզ չէ՝ արդեօք որ պատմութեան սլաքները    դէպի անցեալ պիտի չշարժին, իսկ   ինչ  կրնայ ըլլալ  այդ գաղութին ճակատագիրը,   եթէ Ասատը տապալի: Ես պատասխաններ չունիմ, բայց լաւ կ’ըլլայ, որ յատկապէս Հալէպահայերը զգօն ըլլան:

Աւարտին  յուսալի է, որ  հայկական Հալէպի ճակատագրին  մասին գործնական քայլերու եւ բնորոշումներու մասին մտածեն  անոնք, որ յատկապէս ունին  խօսքը գործի վերածելու բոլոր հնարաւորութիւները: Այսօր հայ եկեղեցին  կանգնած է այդ խնդրին դիմաց, ու ցանկալի կլինէր, որ  Սուրբ Էջմիածնի մէջ  օրերս տեղի ունեցած    Եպիսկոպոսական աննախընթաց ժողովը քննէր  (ու պայման ալ չէ, որ յայտարարութիւններ կատարէր) Հալէպահայութեան հիմնահարցը: Որովհետեւ այսօրուան  կրակներու տակ եղող մեր ժողովուրդի խնդիրը աւելի կենսական ու աւելի առաջնային է, քան Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հարցը: Մենք միշտ նախընտրած ենք  զբաղիլ նահատակներու աճիւններով՝ անտեսելով    ապրող ու պայքարող մեր  ամէնաէականը՝ մարդկային պաշարը: Այսօր  Հալէպահայութիւնը յայտնուած է  նոր հաւանական  հրդեհներու մէջ,  ու մենք, քիչ մը բոլորս կը խօսինք  գրաբարեայ հին թեքստերու մասին երբ անոնք օրուան հացին կարիքն ունին: Ու ոչ միայն, այլ եւ փրկութեան մը կարիքն ունին: Մտածենք այս մասին, քանի  դեռ ուշ  չէ:

Նախորդ հոդվածը‘Ռումինիայի նախագահը մտավախություն ունի, որ Մոլդովան կգնա Հայաստանի հետքերով’
Հաջորդ հոդվածը‘Ֆերգյուսոն. Մարզչական աշխատանքի երբեք չեմ վերադառնա’