‘iLur Բլոգ. Ի՞նչու սպաննուեցաւ Լիբանանցի նախարարը’

2303

Սագօ Արեան

Լիբանանի քաղաքական   օրագրութեան  վերջին զարգացումները ուղեկցուած են պայթումներով:    Պէյրութի հարաւային արուարձանով սկիզբ առած ու Թրիփոլիով անցած պայթումները  այսօր մտած են նոր հունի մը մէջ:Նախկին նախարար Մոհամմատ Շաթահի դէմ կատարուած ահաբեկչական  պայթումը միով բանիւ եկաւ բացատրելու, որ     երկու շեշտուած  քաղաքական կողմերուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնն ու բախումներու տեսադաշտը տարուած է  այլ հարթութեան:Ու տխուր է, որ սպաննութեան լեզուի,  սպաննութեան  օրակարգի եւ սպաննութեան «պատգամ»ով  առաջ եկած նոր հանգրուանի  «Խաղատեսակ»ին  առաջին զոհը նախկին նախարար եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական ՝ Մոհամմատ Շաթահն է:

 

Եւ ի՞նչու Մոհամմատ Շաթահը:

Պարզ անոր համար, որ ներկայ հանգրուանին այդքան  բեւեռացուած  քաղաքական կեանքին մէջ  ան մէկն էր անոնցմէ, որոնց համար տիալոկն ու երկխօսութեան ընտրանքը   կը մնային առաջնային դիրքերու վրայ:

Կանուխ է  գուշակութիւններ կատարել, թէ  ով է մեծագոյն օգտուողը  իր սպաննութիւնէն, բայց  յստակ է, որ անոր սպաննութիւնը նոր հանգրուանի մը կրնայ տանիլ Լիբանանը: Թէկուզեւ 14   Մարտի  քաղաքական ուժերը տակաւին կը մնան  երխօսութեան հաւատացողի  դերքերուն   մէջ, բայց  պարզ է նաեւ, որ նոյն այդ ուժերը այս ընթացքով  կրնան շատ բան կորսնցնել իրենց    համակիրներու  խանդավառութիւնէն:

Սպանութիւններու, ահաբեկչական արարքներու բազմերես, բազմագոյն  եւ բազմապիսի զոհողութիւններով  կայացած   14 Մարտի քաղաքական ուժերը այսօր նոյն խանդավառութիւնը չունին: Կամ գուցէ այս  է երեւացող   մակերեսային տպաւորութիւնը: Պէտք է նաեւ նկատել, թէ   այդ շարժան  ընդերքին մէջ   առկայ ցոլքը   կրնայ շարժումը  տանիլ բաւական     արագ ձեւով ծաւալուող զարգացումներու: Այս խմորումները ժամանակի կը կարօտին: Այս իմաստով  կարեւոր է  նաեւ  ընդգծել  «Ալ Մուսթաքպալ» օրաթերթի խմբագիրներէն Փօլ Շաուլի  ներկայացուցած եւ նախարար Շաթահի սպաննութեան յաջորդ օրերուն  ներկայացուած  խօսքը, ուր  հրապարակախօսը,  Լիբանանեան առօրեայի  բոլոր սեւ բիծերը տեսելով, կոչ կ’ուղղէ   14 Մարտի  համակիրներուն,  որպէսզի  փողոց իջնեն, որովհետեւ  երկրին մէջ  այդ լեզուն է, որ կրնայ քաղաքական արդիւնքներու տանիլ: 

Հակառակ ճամբարին մէջ, այսինքն՝  8 Մարտի ուժերուն  այսօրուան քաղաքական ուղեգիծը  հասկնալու համար  պէտք է խորքային   կերպով կարդալ «Ալ Ախպար»ի  աշխատակից Սամի Քլայպի՝   նոյն թեմային յատկացուած վերջին յօդուածը, ուր լրագրողը   նկատել կուտար, որ այս սպաննութեամբ  երկիրը կրնայ լուրջ ընդհանրումներու նոր հանգրուան մը մտնել: Բայց զարմանալի  այն է,  որ նոյն Սամի Քլայպ, որ բաւական րատիքալ մօտեցումներով հանդէս  կուգայ,  մոռցած է,   որ  իր ժողովրդականութեան վնասելու  գնով  եւ տասնեակ  նահատակներու   արեան կանչը ձեւով մը  չակերտեալ կերպով  անտեսելով՝       14  Մարտի  ուժերը  որոշած են միմիայն  օրինական ճանապարհով քալել: Ու այդ քայլերուն մէջ կայ  Լիբանանի համար հաստատուած միջազգային դատարանի ռիթմը: Այդ  որոշումին մէջ կայ նաեւ երկրի նախագահին  խօսքին ուժանականութիւնը (նոր կառավարութիւն կազմելու առումով) ու բացառապէս խաղաղ   ճանապարհներով քաղաքական պայքար տանելու    կամքը:

Վստահ եմ՝   հրդեհ բռնկեցնելէն,   զէնքի ուժի դիմելէն աւելի հեշտ բան չկայ, ու թոյլ են անոնք, որ խօսքի ուժէն  սարսափելով արեան հեղումին կը դիմեն: Այդ ուժերը նոյնը ըրին Ռաֆիք Հարիրիի, Ժըպրան Թույէնիի եւ Սամիր Քասիրի հետ:

Այս բոլորէն անդին  եւ  վերադառնալով Մոհամմատ Շաթահի օրինակին ու խօսելով անոր վերջին ելոյթներուն մասին՝  պէտք  է կարեւորել  անոր քաղաքական   պիսմարկային մօտեցումները: Ու փաստ է, որ Շաթահ իր ողջ քաղաքական   գործունէութեան  ընթացքին երբեք ծայրայեղ   մօտեցումներով հանդէս եկող մը չեղաւ: Ընդհակառակը,  հասկնալով  միջին արեւելքի ծանր իրավիճակը՝ իր վերջին ելոյթով, օրինակ, ան   կը բացատրէր, որ իրենք, որպէս քաղաքական կողմ,  Իրանի հետ պատերազմելու չեն ելլած, այլ  պիտի փորձեն ամէն ինչ ընել,  որ  Իրան  լաւ հասկնայ   Լիբանանի վիճակը   եւ անոր հիման վրայ աշխատանք տանի, որպէսզի իր հովանին վայելող «Հըզպալլա»ն  դուրս բերէ իր ջոկատները  Սուրիայէն՝ այդպէսով  հեռու պահելով երկիրը  Սուրիական պատերազմի հրդեհներէն:

Շաթահ նաեւ  գիտէր,  որ  «Հըզպալլա»ի  վճռական որոշումները ոչ թէ Պէյրութի հարաւային  արուարձանէն  կ’առնուին  այլ Թեհրանէն ու    յատկապէս Իրանի  Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր  առաջնորդին անմիջական  «մոլորակներ»ու միջոցաւ:

Այս  որակի անձնաւորութիւն էր Մոհամմատ Շաթահ, ու  այս վերլուծումներէն ետք  պէտք է պարզ  դառնայ, թէ անոր սպաննութիւնը որուն համար  ձեռնտու էր:Պէտք է ըսել նաեւ, թէ նոյնիսկ  «Հըզպալլա»ն տուժեց այս սպաննութեամբ: 

Կը մնայ յուսալ, որ նախագահ  Սլէյման փորձէ  սպունգի նման   ներծծել այս լարուածութիւնը, այլապէս   հեռու չէ, որ Սուրիական  պատերազմի  կրակներէն փոքր  կայծ մը  յաջողի  չմարող հրդեհ մը  յառաջացնել առանց անոր ալ  Ֆինանսապէս  կքած եւ ապահովական իմաստով   աներդիք վիճակի մը մէջ գտնուող երկիրը:

 Երբ  ապահովութեան մասին է խօսքը,  ուղղութիւնը Թեհրանն է, իսկ երբ  խնդիրներուն քաղաքական լուծում  բերելու  մասին  խօսք երթայ,   ապա հիմնական ուղեցոյցը կը մնայ  Սէուտական Արաբիան, որուն խօսքն ու մօտեցումը Լիբանանի համար միշտ  ունեցած են հիմնարար դեր: 

Այս է իրավիճակը այսօր,   ու քաղաքական- ապահովական «երկխօսութեան» փոքր մանրամասնութիւններուն մէջ,   ցաւօք, կրնան  արեան կարմիր ու սեւ բիծեր երեւիլ: Ցաւօք:

 

 

Նախորդ հոդվածը‘Անհայտ անձինք կրակահերթ են բացել Բանգկոկի ցուցարարների ուղղությամբ’
Հաջորդ հոդվածը‘Արևմտյան հատուկ ծառայությունները բանակցում են Սիրիայի իշխանությունների հետ’