‘iLur Բլոգ. Խուսափիլ Դատարկ կրակոցներէն (Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վերջին ելոյթին առթիւ)’

1998

 Սագօ Արեան 

Վլատիմիր Փութինի Հայաստան կատարած  վերջին  այցի օրերուն  հերոսութիւն չէր փողոց դուրս գալ ու  պայքարի փող հնչեցնել Ռուսիոյ   ու անոր հովանաւորած  մաքսային միութեան դէմ: Այդ մէկը, վստահ եմ,  գործին ամենահեշտ կողմն է: Ու անկէ պիտի վնասէր ողջ Հայաստանը: Ցաւօք՝ մարդկային րէսորսերու, կեցուածքի եւ  պայքարելու ամբողջ  հարմոնիան Հայաստանի մէջ այսօր շատ արագ կը խեղաթիւրուի: Կը  խեղաթիւրուի նաեւ պատմութիւնը: Այս երկրին անցած  ճանապարհը, անոր կենսագրութեան վերջին   հարիւր տարիներու  գոյութեան  ամբողջ  ընթացքը ոմանք կը փորձեն     աղբարկղը   նետել եւ  նոյն «Հերոսներ»ուն համար գլխաւոր խնդիր կը մնայ   նկարահանուիլ   տեսախցիկին առջեւ:

Բոլորս պայքարողներ ենք: Բոլորս կուզենք պայքարի մը գետինը պատրաստել եւ այդ ուղղութեամբ քալել: Ու յաճախ մարդկային իրաւանց բռնաբարեալ լաչակը մեր գլխին անցընելով՝  կուզենք գոռալ:

Այլ հարց, թէ ի՞նչ է մեր ըսելիքը,   այլ հարց, թէ որ ուղղութեամբ պիտի պայքարինք, եւ ի՞նչ է մեր տարած պայքարին հիմնակէտը:

Հայաստանի  սիրոյ արգասիքին  վերջին վիժուած պտուղը Եւրոպայի սէրն է:,Այն չկայացած, չուռճացած ու չզարգացած պտուղը, որ մեռած է իր սաղմին մէջ: Ու զարմանալի չէ, որ անոր նեխանքին եւ  թունաւորուած պատեանին  հոտը  մեր քիթերուն պիտի չգայ, որովհետեւ մեզ մօտ հիասթափութեան   դոզանները հասած են այն աստիճանի,  որ մենք սկսած ենք խառնել ամէն ինչ:

Մենք  տարբերութիւն  չենք ուզեր դնել Ռուսին ու Սովետին միջեւ: Անկախութեան  եւ  գոյութեան սուրբ իրաւունքին միջեւ: Մենք մեզմէ դուրս ոսոխներ կերպարելու, թնաշմիներ սարքելու,  ճիւաղներ նկարելու ունակութեամբ  հասած ենք այսօրուան բախտին՝  մոռնալով,  որ  մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ  կապրի թշնամի-հակահայը:

Երեւանի մէջ մեզմէ  շատեր  այսօր բարձրաձայն  կուզեն պոռալ, որ մաքսային միութիւնը եօթլգլխանի իժի կը նմանի Հայաստանին  համար: Այդ նոյն շատերը  կը վարուին այնպէս մը, որ   Հայաստանը երջանիկ Եէմէնի հանրապետութիւն  կամ Օմանի նաւթառատ տարածքն ըլլայ: Կամ  պայքարի իրենց առաջնահերթութեան մէջ  կը փորձեն անտեսել  այս երկրի դիրքերը:

Պատմական փաստ է նաեւ ՀՀ   առաջին  նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի   ելոյթը (ՀԱԿ վարչութեան վերջին նիստին (21.12.2013) տեսնել ՝https://www.ilur.am/news/view/22880.html), երբ Տէր-Պետրոսեան  կը դիտարկէ, թէ հայկական հանրապետութեան իրաւական հիմք տալու գերագոյն    ատաղձը Մեծ Հայքի  մէջ եղող Ռուսական տիրապետութեամբ  գոյութիւն ունեցած  հայաբնակ հողակտորն է: Ու  տեղին են  նաեւ անոր  փաստարկումները՝  կապուած Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի  վերջին քսան տարիներու հունին   մասին,  երբ անոնք հակասովետականը շփոթեցին հակառուականին հետ եւ  շատ բան կորսնցուցին ցայսօր (ու փաստ  է,   նաեւ Վրաստանի  Ռուսին հանդէպ այսօրուան արտայայտած  քծնանքը  եւ  «Նաւթասով» ըլլալու վտանգին առջեւ  գտնուող Ազրպէյճանին  դէպի հիւսիս կատարած ամբողջական  շրջադարձը:)

Տակաւին մեր աքթւիսթները զարմանալիօրէն   կը մոռնան,  թէ ինչ պայմաններու տակ է աշխարհը այսօր: Նոր բեւեռի մը կազմութիւն պէտք չէ համարել եղածը, որովհետեւ եթէ Ռուսը, անկումէ-անկում երթալով  տեղ մը մինչեւ Լիպիոյ Քադաֆիի անկումը որոշ մեղկութեամբ կը նայէր Եւրոպայի ծերուկ աչքերուն,  հիմա  արդէն պատկերը  բոլորովին փոխուած է:Նաեւ  բառացուցական է Սուրիոյ մէջ կատարուածը, ու եթէ Հայաստանի «Լայն»  հաւաքականութեան համար տեսանելի չէ Սուրիոյ  մէջ տեղի ունեցածը,  որ նաեւ պէտք է հիմք ծառայէ մեր  ապագայի  գործընթացներուն,   ապա ուրեմն մեր վիճակն աւելի բարդ է: Ռուսը այսօր,  իր  անցեալ տարիներու վիրաւորանքէն դուրս գալով, յաջողեցաւ կեցուածք պարտադրել: Նոյնը պիտի ըսեն  աշխարհի  միւս տէրէրը,  որոնք շինծու   քէնի  ու ներքին ոխի    հետեւանքով պիտի չուզեն ներկայ ըլլալ  2014-ին  Սոչիի մէջ  տեղի ունենալիք  ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան՝ փորձելով բան մը պակսեցնել Հիւսիսեան  բեւեռի  հզօրութիւնէն: Այս  խաղերը,   1980-ին Մոկուայի մէջ  տեղի ունեցած  խաղերուն հետ շփոթելն ալ,    մեղմ ասած, միամտութիւն է, որովհետեւ  այսօրուան ՆԱԹՕ-ն, ԱՄՆ-ը եւ Եւրոպան նոյն դիրքերու վրայ չեն:

Այսքանէ յետոյ    հաւաք կազմակերպելու եւ Մաքսային Միութեան հայհոյելու քողին տակ  Ռուսի հասցէին լուտանքներ տեղացնելու բոլոր գործողութիւնները  պէտք է դիտարկել որպէս լպիրշ անգիտութիւն, որոնք միայն վնասակար են Հայաստանի անվտանգութեան: Ու եթէ  անկախութեան եւ   ազգային անվտանգութեան միջեւ  ընտրանքի մը յենուելու խնդիր կը դրուի,  ապա  անվտանգութեան խնդիրը  առաջնային է   ու անով է, որ  Հայկական բարձրաւանդակի  ապահովութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պէտք է  դառնայ կարմիր գիծ:

Եւրոպական կողմին  դառնալով՝ ըսեմ, որ անոր ծախած մարդկային սկզբունքներն ու   խղճի, բարոյականութեան սուտ շպարները «հալած» են ամբողջութեամբ: Եւրոպայի հետ  սիրաբանութեան  մեծագոյն հարուածները կրած Յունաստանի եւ Կիպրոսի  իրավիճակը մեծագոյն ցուցանիշն է, թէ ինչպէս կը վարուի Եւրոպան իր հետ սիրաբանողներուն հետ:

Արդարութեան, խղճի  եւ ազատութեան ջատագով Եւրոպան Պատերազմի  քաոսի աքցանին մէջ բռնուած   Սուրիացի գաղթականներու առջեւ  չբացաւ  ոչ մէկ դուռ, ալ ուր մնաց,  որ տառապէր, եթէ, ըսենք, Երեւանի մէջ տեղի ուենային տհաճ դէպքեր, ու  ըլլային զոհեր:

Մեզմէ շատեր   կը մոռնան նաեւ, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն  Եւրոպայի կողմէ ցոյց տրուած  ուշադրութիւնն   ու նաեւ օրհնութիւնը այսօրուան իշխանութիւնները  Մարտի Մէկէն մինչեւ օրս  դարձուցած են   նշանակալից ամպհովանի եւ դրօշակ: Այս իմաստով մեղաւորը միայն Հայաստանի իշխանութիւնները չեն, այլ   նաեւ Եւրոպան, որ հայաստանցի ժողովուրդի   աչքերուն փոշի ցանելով՝ կը շարունակէ նոյն  սիրաբանութիւնը: Իսկ իշխանութիւնները  պիտի ուզէին աւելի ուշ ժամադրուիլ Ռուսիոյ հետ վերջնական առերեսումին՝ պարզ այն հիմունքով,  որ այդ երկարաձգումը կրնար  աւելիով օգուտներ բերել անոնց:

Հայաստան այլ ճանապարհ չունի ու նոյնիսկ Թուրքիոյ,  Լեռնային Ղարաբաղի ու Կովկասի մէջ   այլ խնդիրներու  վերաբերեալ  պէտք է  առարկայական մօտեցումով հասկնալ, որ  Ռուսիոյ  դերին մասին  մտածումները  միամիտ լոզունքներով  եւ  անպատասխանատու  ստատուսներով չեն գոյանար:

Վերադառնալով Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի վերջին ելոյթին՝  պէտք է նկատել, թէ  նախագահը նաեւ խօսեցաւ հաւանական մեծածաւալ բողոքի հաւաքներ  կայացնելու մասին՝ ըսելով, թէ հնարաւորութիւն եւ ներուժ չէին  պակսիր (յատկապէս  ամիսներուն)    երկիրը այդ ընթացքին վրայ դնելու  համար: Բայց յանուն ինչի՞: Յանուն դատարկ կրակոցներո՞ւ (նախագահի խօսքն է) եւ որպէսզի  հերթական անգամ   Եւրոպան իր պոռնկավարի քմծիծա՞ղը  թափէր  մեր երեսին…

 Տակաւին չեմ խօսիր ամէն օր  աւուր հացի համար Մոսկուա փութացող «Իմիգրանթ»ներուն մասին:

Աւարտին կը մնայ թիրախները  վերաճշդել ու   լաւ հասկնալ, որ Հայաստանի խնդիրը հակառուսական կամ ռուսական ըլլալու մէջ չէ, այլ տան ներքին  խնդիրները կարգավորելու հեռանկարներ ստեղծելու մէջ: Իսկ այդ ճանապարհին վերաբերեալ տակաւին յստակ «Ճանապարհային քարտէզ»  մը չերեւիր: Այս հանգրուանին  աւելորդ է զուր տեղը աղմուկ  հանել եւ  Ուքրանիոյ «Մայտան»ի մէջ կատարուածով գինովնալ .. որովհետեւ այդ գինովութիւնը   նոյն  զուր  տեղը  կրակելուն  կը նմանի: Դատարկ կրակոցներու եւ   աննպատակ սպառումի: Միանշանակ:

Նախորդ հոդվածը‘Զինծառայող Վանիչկա Հովակիմյանի մահվան փաստի առթիվ նշանակվել է ծառայողական քննություն’
Հաջորդ հոդվածը‘Ղազախստանը Մաքսային միության` Հայաստանով անցնող սահմանների վերաբերյալ հատուկ կարծիք կարտահայտի’