‘iLur Բլոգ. Կազա, Կամ Ի՞նչու Իսրայէլ Կը Վախնայ Խաղաղութիւնէն ‘

4261

Սագօ Արեան

Իսրայէլ Կազայի մէջ «Համաս»ի ներկայութիւնը մեծագոյն պատուհաս կը համարէ: Այս մասին քանի մը օր առաջ կարծիք յայտնած է Իսրայլեան բանակի պահեստի փորձագէտ- սպայ Ուզի Տայան հաւաստելով, որ Իսրայէլեան բանակը ամէն ինչ պէտք է ընէ «մաքրելու» համար Կազան «Համաս»ի հրթիռային խարիսխներէն:Վերջին տարիներուն Կազան դարձաւ Իսրայէլի ժանիքները ցուցադրելու ամէնէն նպատակայարմար վայրը: Այս առումով եթէ արագ վերաքաղ մը ընենք, Իսրայէլ առնուազն չորս անգամներ զինուորական գործողութիւններ շղաթազերծած է Կազայի դէմ, որոնցմէ ամէնէն ահաւորը «Ձուլուած Արճիճ» գործողութիւնն է (Դեկտ.2008-Յուն.2009), որուն ընթացքին շուրջ 1600 Պաղեստինցիներ զոհուեցան: Անցնող երեքշաբթի օր ( 8 Յուլիս) Կազայի դէմ սկիզբ առած «Կանգուն Ժայռ» գործողութեան հետեւանքով մինչեւ այս պահը զոհուած են շուրջ 140 Պաղեստինցիներ, որոնց մեծ մասը անզէն քաղաքացիներ են (զոհերուն մէջ կան կիներ եւ երեխաներ): Կատարուած հրթիռնարձակումներուն ընթացքին ծանր հրթիռներ կը գործածուին, օրինակ՝ Շէյխ Րատուան շրջանին մէջ մէկ հրթիռի հետեւանքով 8 քաղաքացիներ սպաննուեցան: Այս բոլորը կը կատարուին «Ահաբեկչութեան դէմ պայքար» խորագրին տակ՝ մոռնալով, որ զոհերուն մեծ մասը ոչ մէկ ուղղակի կապ ունին «Համաս»ին հետ:

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը Թոնի Պլէր , որ օրեր առաջ Թէլ Աւիւ կը գտնուէր, Նաթանիահուին անուղղակի խորհուրդ մը տալով ըսած է ՝ «Ծրագիրդ անիրականալի է, որովհետեւ Կազան Պէյրութը չէ, եւ Համասն ալ «Ֆաթհ» շարժումը չէ: «Համաս»ի զինեալները կը գտնուին իրենց հարազատներուն եւ ընտանիքներուն մօտ»: Զինուորական այս գործողութիւնները կրնան տեւել առնուազն 10 –էն 15 օր, որուն աւարտին շատ հաւանաբար կը կրկնուի անցեալի սենարը: Այս անգամ կայացուելիք համաձայնութիւնը շատ հաւանաբար Եգիպտոսի միջամտութեամբ պիտի չկայացուի, մանաւանդ, որ պաշտօնական Գահիրէ մինչեւ այս պահը շատ «սառն» յայտարարութիւններով կը մեկնաբանէ դէպքերը, եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի թախանձանքներէն ետք միայն կը բանայ «Րաֆահ»ի ցամաքային անցքը: Եգիպտոս այս վարմունքով իր «պատգամը» կ’ուղղէ յատկապէս «Համաս»ին, մանաւանդ, որ Եգիպտացի քաղաքական գործիչներ քանիցս խօսած են Կազայէն դէպի Սինա «ահաբեկչական» զինամթերքի փոխանցման մասին:

 Արաբական «վիժուած» գարունէն ամէնէն շատ օգուտ քաղողը Իսրայէլն է: Տէյվիտ Պէն Կորեոնի գաղափարներով ստեղծուած տէրութիւնը նաեւ լաւ գիտէ, որ այսօրուան իր կատարած քայլին դիմաց Արաբները պատրաստ չեն առնուազն քաղաքական պատասխան մը տալու, որովհետեւ անոնք զբաղուած են Սուրիոյ, Իրաքի, Եէմէնի եւ Լիպիոյ բարդ խնդիրներով:

 Իսրայէլի հաշիւները այս անգամ եւս սխալ դուրս պիտի գան: «Համաս»ի զինուորական թեւին՝ «Քաթաէպ Ալ Քասսամ»ի զինեալները անսպասելի կերպով չորս օրերու ընթացքին աւելի քան չորս հարիւր հրթիռներ արձակեցին Իսրայէլի դէմ եւ կրակի տակ պահեցին Թէլ Աւիւ, Հայֆա, Ովակիմ, Սէտիրոթ Նէթիվոթ, Աշքէլոն եւ Տիմոնա շրջանները: Իսրայէլի համար մեծագոյն մտահոգութիւն կը մնայ «Տիմոնա» միջուկային քաղաքին դէմ կատարուած հրթիռարձակումները, եւ այս առումով անոր պաշտպանական «Պողպատեայ գմբէթ»ը գրեթէ անզօր է:

Նոյն առումով վարչապետ Նաթանիահու նոյնիսկ ստիպուեցաւ կէս թողուլ իր տուած մամլոյ ասուլիսը եւ ապաստանարան վազել ու յաջորդ օր յայտարարել, որ իրենք «մինչեւ վերջ պիտի կռուին ահաբեկիչներուն դէմ»:

Խօսքը ուրիշ, բայց գետնի վրայ կատարուածը՝ բոլորովին այլ:Այս արիւնոտ պատկերին դիմաց նոյնիսկ ամէնէն չափաւորական Պաղեստինցին այսօր տեղ չունի մտածելու, որ այսօրուան Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ կարելի չէ ինչ-որ համաձայնական եզրի մը յանգիլ:

 Իսրայէլ առնուազն իր մօտաւոր նպատակներուն մէջ ամբողջութեամբ ձախողած է: Հրեայ ժողովուրդին համար «Աւետեաց երկիր»ի հիմունքներով ստեղծուած այս երկիրը վերջին ութ տարիներու ընթացքին իր զինուորական ամէնէն թէժ ու նաեւ անպէտք գործողութիւններով չյաջչողեցաւ ոչ մէկ նպատակ իրագործել: Ընդհակառակը, չքացուց տարածքաշրջանին մէջ խաղաղ ապրելու բոլոր յոյսերը եւ վառօդ, ոխ եւ արիւն տրամադրեց իր շուրջ ամէն օր աճող Իսլամական րատիքալիստ շարժումներուն: Իսրայէլ կը վախնայ խաղաղութիւնէն: Միւս կողմէ Պաղեստինցի ժողովուրդը վստահութիւն չունի անոր հանդէպ, ու այսպէս ատելութեան հարթակի վրայ աճած լարուածութիւնը ամէն առիթի կը պայթի եւ արեան պալարով կը պատէ Պաղեստինեան բոլոր շրջանները: Այս ընդհանուր դրութեան առջեւ պէտք է միանգամայն վերլուծել , որ վաղը կամ միւս օրը հաստատուելիք հաւանական հրադադար մը չի լուծեր Պաղեստինեան թնճուկը:

Պաղեստինեան հիմնահարցը, որուն ծանր հետեւանքները կրած է նաեւ Լիբանանը, անլուծելի կրնայ մնալ այնքան ատեն , որ երկու պետութիւնները կը մերժեն իրար հետ գոյակցելու գաղափարը: Այս թնճուկէն դուրս ելլելու ամէնէն ճիշդ ուղին չափաւորական մօտեցումներու որդեգրումն է, եւ այդ մէկը կրնայ առաջ մղուիլ միայն խելամիտ, հաւասարակշռուած ու պատմութիւն իմացող ղեկավարներով, որոնց պակասը այսօր խիստ զգալի է յատկապէս Իսրայէլեան կողմին մօտ:

 Իսրայէլ մէկ ճանապարհ ունի: Հասկնալ, որ կարելի ու կարեւոր է գոյակցիլ ու ապրիլ Պաղեստինեան ժողովուրդին հետ: Գործակցիլ ու ձեռք երկարել այն ուժերուն, որոնց համար «Իսրայէլացիներուն ծով նետել»ը գերխնդիր չէ: Եթէ Իսրայէլ այս կարեւոր ճանապարհով չուզէ քալել, ապա ան ուրեմն պիտի ուզէ մնալ արեան վրայ նստած գոռոզ եւ խտրականութեան սկզբունքներով ապրող պետութեան ձեւաչափին մէջ՝ մոռնալով, որ այսօր անոր ցանած ատելութեան հունտերը վաղը կրնան արեան հեղեղներու վերածուիլ ու վտանգաւոր դարձնել իր ընդհանուր գոյութիւնը:

 Երբ հակառակորդդ չի վախնար կրակէն, հրթիռներու պայթումներէն, սովէն եւ մահէն, ապա այն ատեն մտածելու տեղիք պէտք է ունենաս:

Իսկ դիմացը Իսրայէլացի քաղաքացին փաստօրէն կ’ապրի վախի եւ մեղք գործած մարդու մը հալածախտով:

Այսօր ընթացող պատերազմը կրնայ փոքր կէտ մը ըլլայ այն երկար հակամարտութեան մէջ, որուն երկարատեւ ըլլալու պարագային Իսրայէլ պիտի յոգնի: Այլ հարց, որ Իսրայէլի ղեկավարները այսօր միայն կը մտածեն հանգրուանային կարճ ու երեւութական յաղթանակներու մասին, որ խորքին մէջ պարտութեանց հող պատրաստող կայարաններ են:

Իսկ Պաղեստինցիներու մտածելու ձեւին, անոնց առաջնահերթութիւններուն եւ պայքարի ելքերուն մասին կը դժուարանամ արտայայտուիլ, որովհետեւ ան, որ ամէնօրեայ ծարաւի, սովի եւ մահուան սպառնալիքի տակ կը գոյատեւէ, իրաւունք չունի մտածելու տիալոկի մասին:

Ոչ ոք Պաղեստինցի ժողովուրդին խելք տալու իրաւունք ունի: Իսկ անոնք, որ կ’անտեսեն անոր ազատ ապրելու իրաւունքը, անոնք եւս ինչ-որ տեղ նոյնիսկ իրենց լռութեամբ մեղսակիցներ են:

 

Նախորդ հոդվածը‘ԱԱ-2014 ընթացքում ծնված գրեթե 200 նորածիններ անվանակոչվել են ի պատիվ Մեսսիի’
Հաջորդ հոդվածը‘ՊՆ. Ադրբեջանական դիվերսիայից տուժած Կարինե Դավթյանի առողջական վիճակը բարելավվել է’