‘iLur Բլոգ. Նաթանիահու Կորսնցուց Պատերազմը Կազայի Մէջ’

4046

Սագօ Արեան

«Ալ Շուճահիյա»: Այս անունը տակաւին երկար ժամանակ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի: Ներկայ պահու դրութեամբ Կազայի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող այս շրջանին մէջ Իսրայէլ Կիրակի արեւծագին հրթիռարձակումներ կատարելով սպաննած է 86 Պաղեստինցիներ (Այս թիւը նախնական է եւ կրնայ բարձրանալ): Զոհերուն մէջ կան մեծ թիւով երեխաներ ու կիներ ու բացայայտ է որ զոհերը ոչ մէկ կապ ունին «Համաս»ի զինուորական թեւին ՝«Ալ Քասսամ»ին հետ: Իսրայէլի այս արարքը, պատասխան է նոյն «Ալ Քասսամ» փաղանգի մէկ միաւորին անձնասպանական գործողութեան, ուր Պաղեստինցի «Գոմանտոս»ը «Ալ Շուճահիյա»ի արեւելեան հատուածին մէջ Իսրայէլեան թանկի մը առջեւ ինքզինք պայթեցնելով պատճառ եղած էր եօթը Իսրայէլացի զինուորներու սպաննութեան: Այս թիւը աւելի ուշ կը բարձրանար 14 -ի եւ տեղեկութիւններ կը տրուէին «Կոլանի» մասնայատուկ ջոկատի գլխաւոր հրամանատարին ծանրօրէն վիրաւորման մասին:

Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու, որ բանակը լիազօրած էր ցամաքային գործողութիւն մը սկսելու, պաշտպանութեան նախարարութիւնէն պահանջած էր յաւելեալ 16 հազար Իսրայէլացի զինուորներ առաքել նախօրօք շրջան հասած 40 հազար միաւորներ կողքին ըլլալու համար:

Այս բոլորը կը կատարուին 14 օրէ ի վեր Կազայի վրայ ընթացող օդային ծանր գրոհներուն համընթաց: Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը Կազայի զոհերուն թիւը բարձրացած է 447-ի իսկ վիրաւորները թիւը 3030-ի:

Առաջին անգամը չէ, որ Կազան Իսրայէլեան կրակները «կը ճաշակէ»: Սակայն այս պատերազմը կը թուի բաւական աւելի ծանր ըլլալ քան իր նախորդները: Այս մասին կը վկայէ Կազա ապրող լրագրող Ասմա Ալ Ղուլ, որուն կարծիքով առաջին անգամն է, որ Կազայի ժողովուրդը այսքան լքուած ու անտէր կը զգայ: Ասմա նաեւ կը հաւաստէ , որ Կազան միայն «Իխուան»-ն («Իսլամ Եղբայրներ») ու «Համաս»-ը չէ, կամ ահաբեկչական միաւորներու բոյն մը չէ: Ասմայի դիտարկումին մէջ ճշմարտացի պատկեր մըն ալ կայ, որովհետեւ Կազայի զոհերուն մեծամասնութիւնը անզէն քաղաքացիներ են:

Իսրայէլ վճռած է գետնափոր նկուղներուն դէմ պատերազմ բանալ, բայց գետնի վրայ այս նպատակը տակաւին ոչ մէկ ձեւով իրագործուած է: Պարզապէս անմեղ զոհերու թիւերու նոր կուտակումներ եւ ամէն գնով Կազան արեան բաղնիքի վերածելու դրսեւորումներ:

Իսրայէլեան կողմին մասին խօսելով այստեղ պէտք է արձանագրել յատկապէս «Ետիհոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի զինուորական վերլուծաբան Րոն Պըն Եաշայի խօսքը, ուր Եաշայ բառացիօրէն կը հաստատէ, որ «Շաբաթ գիշեր «Ալ Քասամ»ի եւ Իսրաէլեան բանակի միաւորներուն միջեւ արձանագրուած բախումները «Համաս»ին համար կարեւոր յառաջխաղացք մը եղան ու այդ բախումներուն ընթացքին աւելի քան 120 Իսրայէլացի զինուորներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան»:

Այսպիսի տեղեկագիրներ «դուրս տալէ» ետք պարզ է, որ Իսրայէլեան կողմը լուրջ տագնապի մը առջեւ է: Ու կազայի պատերզամը չէ հասած իր «նպատակին»: Ատոր համար է նաեւ , որ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը իր համբերութիւնը կորսնցնելով վայրագօրէն թիրախ կը դարձնէ Կազայի խաղաղ բնակչութիւնը «կերտելով» արիւնով լեցուն տեսարաններ:

Պատերզմական գետնի վրայ այս ձախողութիւնը վստահաբար պիտի ազդէ նաեւ քաղաքական օրակարգին վրայ ու Նաթանիահու մօտիկ յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պիտի քաղէ իր «հերոսութեան» պտուղները:

Իսրայէլի ցամաքային զինուորական գործողութիւններու ձախողութիւնը միայն տեսական մօտեցում մը չէ: Այս իմաստով «Ալ Քուտս» կայքը մանրամասնօրէն նկարագրած է Իսրայէլեան զինուորական շարասիւնի մը ոչնչացման գործողութիւնը: Գործողութիւնը տեղի ունեցած է Կազայի «Ալ Շուճահիյա» շրջանին մէջ եղող «Ալ Ուաֆա» հիւանդանոցէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, Իսրայէլեան թանկեր հատելով սահմանային գիծը՝ հանդիպած են «Քասամ»ի լարած թակարդներուն ու Պաղեստինցի զինեալները պայթեցնելէ ետք լարուած տակառները յարձակելով շարասիւինին վրայ սպաննած են աւելի քան 14 Իսրայէլացի զինուորներ: Այս գործողութիւնէն յետոյ Իսրայէլեան թնդանօթները կրակ թափած են «Շուճահիյա» հատուածին վրայ եւ սպաննած աւելի քան 86 անզէն Պաղեստինցիներ:

Վերադառնալով խնդրի քաղաքական երեսին Արաբական յատուկ ճիգ մը կայ, որ նաեւ կը մղուի Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ «Համաս»ը ամէն գնով խաղէն դուրս ձգելու: Եւ ինչպէս Նաթանաիահու յայտարարած էր, որ Եգիպտական հրադադարի նախաձեռնութեան գլխաւոր միտք բանին մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք «Համաս»ի զինաթափումն է:

Ակներեւ է նաեւ, որ այս պայմաններուն տակ ամէնէն շատ իր դիրքերը ամրացնողը «Համաս»-ն է. պարզ անոր համար, որ անոր զինեալները աւելի կարեւոր կէտեր կը նշանակեն եւ հակառակ Իսրայէլեան «Պողպատեայ գմբէթ»ին անոնք յաջողեցան կրակի տակ պահել Թէլ Աւիւը, Տիմոնան, Ասքալանը եւ Աստուտը:

Ճիշդ է, որ Իսրայէլացի բնակիչներ այդքան ալ վախի մէջ չեն ու «Ալ Ժազիրա»ի հայազգի լրագրող Փօլ Չատըրճեանին կողմէ տրամադրուած կարճ տեսանիւթով մը պարզ կը դառնայ, որ Իսրայէլացիներ երջանիկ պահեր կ’անցընեն ու նոյնիսկ «Սէլֆի»ներ կ’ընեն ապաստարաններուն մէջ: Այս բոլորը կան, բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ անոնց ականջին մէկը յուշէ , որ այսօր հրթիռներ մահը աչքը առած եւ հրթիռներ նետող Պաղեստինցի զինեալը կրնայ վաղը այդ ապսատարանին դուռը թակել:

Պաղեստինցին կորսնցնելիք չունի: Արեան տեսարաններու վրայ աճած եւ հակաիսրայէլեան զգացումներով հասակ առած Պաղեստինի այս սերունդը լուրջ խնդիր պիտի դառնայ Իսրայէլի այսօրուան ղեկավարութեան, որ իբրեւ թէ իր քաղաքացիներուն ապահովութեան համար պատրաստ է ամէն ինչ ընելու: Նաթանիահաու պատրաստ է պատերազմական ամէնէն արիւնոտ ոճիրները գործելու: Սպանդ, մորթուած երեխաներ եւ արիւն: Այս բոլորը երեւելի են: Սակայն նոյն ղեկավարը կը մոռնայ, որ այս բոլորը անկարող են փրկելու Իսրայէլը:

Պէտք է նաեւ ըսել, որ Կազայի այս պատերազմին Արաբական ընդհանուր կեցուածքին մասին կարելի է խօսիլ միայն պատերզամի աւարտէն ետք: Հիմա մեծագոյն պարտուողը խաղաղութեան քարտն է: Ու այս պարտութիւնը ամէնէն աւելի Միացեալ Նահանգներուն այսօրուան ղեկավարութեան ուսերուն պիտի բեռցուի:

Կազայի այս արիւնահոսութեան տեսաշարը պիտի աւելնայ քաղաքական մեծ ձախողութիւններէ տագնապող ԱՄՆ-ի նախագահի աթոռին հասած Պարաք Օպամայի սեւ տետրակին մէջ:Այնտեղ նաեւ գրուած է, թէ Օպամա ինչպիսի ամեհի սխալներով փորձեց իրմէ առաջ գրանցուած հին սխալները սրբագրել:

Արիւնը, զոհողութիւնը, հողին համար նահատակուիլը Պաղեստինցի ժողովուրդին սուրբ գրային օրէնքներն են: Ու տեղին է որ այս նկարագրային գծերը ականջի օղ ըլլան բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ թէ կը տառապին միջին արեւելքի մէջ կտոր մը խաղաղութիւն կերտելու համար:

 

 

 

 

Նախորդ հոդվածը‘ Լևոն Հայրապետյանին այսօր մեղադրանք կառաջադրեն’
Հաջորդ հոդվածը‘Խոշոր հրդեհ նախկին կահույքի ֆաբրիկայում’