‘iLur Բլոգ. Շահան Շահնուրի մէկ յօդուածին հետքերով’

4000

Սագօ Արեան

Շահան Շահնուր իր «Արդար գնդակահարութիւն մը Երեւանի մէջ» («Թերթիս Կիրակնօրեայ թիւը» Պէյրութ 1958) յօդուածին մէջ կը պատմէ Մուսթաֆա Քէմալի եւ այդ օրերու Գերմանացի հոգեբանի մը միջեւ կայացած ուշագրաւ հանդիպման մը մասին: Թուրքին չափ Գերմանացի հոգեբանն ալ մտահոգ է, որ ինչու 1915-ին սկիզբ առած տեղահանութիւնները ամբողջական կերպով չհասան իրենց նպատակին: Ցեղասպանութեան փորձը ձախողած էր: Զանազան պատճառներ թուելէ բացի, Գերման հոգեբանը դիպուկ կերպով առաջ կը քաշէ թէզ մը, ըստ որուն թուրքին համար անկարելի եղած վերջին հայը բնաջնջել միայն այն պատճառով, որ թուրքը հակառակ կատարուած սարսափելի սպանդներուն, տեղահանութեանց, կազմակերպուած աքսորին, ու համատարած մահուան մոռցած է Արեւմտեան Հայաստանէն վերացնել հայոց եկեղեցիներու վերջին զանգակը:

Ըստ գերմանացի հոգեբանին «Հայոց այդ վերջին զանգակն է, որ կը հնչէ անվերջ եւ ձայն կու տայ իրեններուն, անոնց, որոնք ցրուած են աշխարհէ աշխարհ, ծովէ ծով»:

Շահնուր առինքնող ոճով կը ներկայացնէ դրուագը եւ խօսքը գերմանացի հոգեբանի բերնին մէջ դնելով կը գրէ ՝

«Ժողովուրդի մը հայրենասիրական զգացումները ջնջելու համար, անհրաժեշտ է ջնջել ժողովուրդն իսկ: Այդ նպատակաւ է, որ մենք ձեզի թելադրեցինք խմբական տեղահանութիւնը աւելցնել՝ տեղական ջարդերու ձեր հին մեթոտին վրայ, մեթոտ՝ որ ակնյայտօրէն անբաւական էր: Արդիւնքը ձեզի ծանօթ է: Բայց ժողովուրդ մը միայն ներկայ չէ, այլ նաեւ անշունչ իր: Այդ պատճառաւ է որ դուք քանդեցիք նաեւ անցեալը, որ կ’ապրէր անշունչ իրերու մէջ եւ բնաջնջեցիք ձեռագիրն ու տպագիրը, ուժանակ դրիք Անիի աւերակներուն տակ եւ խաչքարով դուք փողոց սալարկեցիք: Բայց ափսոս, մոռցաք անհետացնել ու բնաջնջել առաւելապէս հիմնական բան մը, բան մը՝ որ հայ ժողովուրդին զգացումները իր մէջ կը խտացնէր առաւելագոյն չափով: Դուք մոռցաք Հայոց զանգակները»:

Այսքան խօսելէ ետք Քեմալի մօտ կանգնած միւս գերմանացին նոր թափ առնելով կը միջամտէ ու կը պատմէ Գերմանիոյ Իթթիհատական թուրքիոյ ցոյց տուած նեցուկին մասին եւ կըսէ ՝

«Բարեբախտաբար մենք կայինք: Գերման զինարանները, որ անհրաժեշտ պահանջքը ունէին մետաղի, պատերազմի այդ տարիներուն, դիմեցին ձեզի ՝ իրենց զինակիցին այդ պատճառաւ է որ հաւաքեցինք Հայոց բոլոր զանգակները եւ ղրկեցինք Քրուբին: Կը յիշէք թերեւս, որ այն ժամանակ գնդապետի աստիճան ունէի ես Պաւարիական Գունդին մէջ , եւ կը հսկէի փոխադրութեանց: Զանգակներուն թիւը անհամեմատօրէն մեծ էր: Կային որ պապերու պէս թիկնեղ էին, եւ կային որ թոռնիկներու պէս դեռափթիթ՝ իրենց արդարի ձայնով: Կային որ իրենց փէշերուն վրայ ունէին արձանագրութիւններ եւ զարդեր, կային որ մերկ էին: Կը յիշեմ նաեւ իրենց խլուած լեզուները: Այ՛ո փրցուցինք իրենց լեզուները, զիրենք լռեցնելով վերջնապէս: Պիլեմետիկէն մինչեւ Էսկիշեհիր ուղեկցեցայ իրենց վակոններուն , եւ շոգեկառքը գիծէ դուրս ելաւ երկու անգամ: Կարծէք կը մերժէին մեկնիլ զանգակները Հայոց աշխարհին, անոնք, որոնք եկած էին Վասպուրականէն եւ Մշոյ դաշտէն, Ակնայ գաւառէն եւ Տաւրոսէն, անոնք, որոնք եկած էին լեռնային գիւղերէն կամ բերրի այգեստաններէն: Զանգակները կը մերժէին երթալ, քաջ գիտնալով որ իրենց մեկնումով պիտի լռէր վերջին ձայնը Հայուն: Բայց Գացին ու ձուլուեցան …»

Շահնուր նաեւ կը գրէ, որ Գերմանացի հոգեբանը Հայոց զանգակներուն մասին լսած էր «Կարմիր դեսպանատան» մէջ պաշտօնավարող թաթար քարտուղարէ մը, որ յետագային պաշտօնի բարձրացում ունենալով Կարսի ճանապարհով ուզած էր մեկնիլ Մոսկուա բայց Երեւանի մէջ անծանօթ պայմաններու տակ գնդակահարուած էր …. : Վստահաբար այս դէպքին համար է, որ Շահնուր իր յօդուածին համար ընտրած էր «Արդար գնդակահարութիւն մը Երեւանի մէջ» խորագիրը:

Շահնուր սուտ բան չի գրեր:

Իր ինքնութեան ոգեղէն հզօրագոյն արժէքներուն կառչած այս գրագէտին մէջ փաստօրէն կայ նաեւ ազգային ամբողջական երակի ցոլացումը: Շահնուր սովորաբար ներկայացուած է Նարեկացիին դէմ իր ունեցած («Նահանջը առանց երգի» վէպին հերոսը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած Գրիգոր Նարեկացիի եւ Նարեկ աղօթամատեանին մասին) ծանր մեղադրանքներով եւ դատողութիւններով: Շահնուրեան այդ «մեղանչում»ը նաեւ պատճառ դարձած է, որ շատ մը սոփեստներ եւ ազգային ներկայացուած գրչակներ զինք դաւաճան եւ ազգադաւ գրող համարեն:

Շահնուրի դէմ արձակուած վայրահաջութիւնները անիմաստ են նաեւ անոր համար, որ ան իր անկրկնելի վէպով յաջողած է պատռել կեղծիքի եւ նախապաշարումներու ետին կանգնած հայու կերպարին բոլոր դիմակները:

Ան որ կը մեղադրէ Շահնուրը ձեռնոց նետած կ’ըլլայ ճշմարիտ գրողի կերպարին առջեւ:

Շահնուր նախ եւ առաջ ճշմարտութեան զինուոր է եւ հաւատացող մը , որ գրականութիւնը նախ եւ առաջ ճշմարտութեան ձայնը պիտի ըլլայ:

Գրականութիւնը քաղաքական ուղիններու ծառայեցնելու, հատուածական շահեր առաջնորդելու, կողմնակացան երեւոյթներ դրուատելու , եւ «անմարմին» մարմիններու սքեմներով պատելու բոլոր փորձերը սպառած են:

Շահնուրի համար Հայոց գրականութեան ամէնէն նուիրական իմաստը Հայաստանեայց գրականութեան կամարին տակ ըլլալու երանութիւնն էր :

Ան այդ երազով գրեց եւ այդ երազով ապրեցաւ:

Մնացածը յստակ է:

Կը գրէ Հայոց եկեղեցւոյ զանգերուն մասին, կը գրէ էութեան ոգեղէն ամրոցին մասին եւ իր արարքը հեռու է շինծու եւ ստապատիր ելոյթներէ:

Գովասանքը, պատիւ առնել-տալը, ազգային հիմունքները չարաշահելը կը սրբուին ժամանակին հետ:

Բայց Շահնուր եւ անոր գիրը կը մնան:

Ան ճանապարհին վրայ դրուած լոյսի կաթիլ է, ակօս մը ՝ բացուած մեր խիղճի եւ էութեան հողերուն վրայ:

Տեսանողին համար, տեսանողներուն համար:

Նախորդ հոդվածը‘Մերկել. Լրտեսական սկանդալը կարող է խարխլել վստահությունը ԱՄՆ-ի հանդեպ’
Հաջորդ հոդվածը‘Իտալիա. «Ազնիվ կաթոլիկները» պաշտպանում են մաֆիոզիին’