‘iLur Բլոգ. Լիբանանի մէջ ամէն տարի 15 կիներ «Ընտանեկան բռնութեան» զոհ կ’երթան’

2164

Սագօ Արեան

Մանալ Ասիի  ամուսինը զինք  արիւնլուայ ըրաւ եւ  յետոյ զանգահարեց մօրը եւ քրոջը, որպէսզի գան եւ հիւանադանոց տանին զինք 

33 տարեկան Մանալ Ասիի  աղջնակը դպրոցէն վերադարձին չէ գտած իր մօրը: Իսկ Մանալի վերջին արտասանած բառերը հիւանդանոցին  մէջ նախքան մահանալը եղած են. «Քոյրս, կը խնդրեմ, որ   ծածկես զիս, ահաւոր կը մսիմ»:

Պէյրութի «Ալ Մաքաստէտ» հիւանդանոցին մէջ մահացած Մանալ մէկն է այն տասնհինգ կիներէն, որ ամէն տարի ընտանեկան բռնութեան զոհ կը դառնան Լիբանանի մէջ:

Մինչ Մանալ Ասիի  դէմ կատարուած մարդասպանութիւնը սարսափելի տեսարաններով կը ներկայացուէր լիբանանեան ԶԼՄ-ներուն կողմէ (Mass Media), անդին երկրի պատգամաւորները սովորական դարձած յայտարարութիւններէն բացի` ոչինչ  ըրին: Անոնք նոյնիսկ երկար ժամանակէ ի վեր «Ընտանեկան բռնութեան մասին» օրէնքը կը շարունակեն պահել ոսկեզօծ կղպանքներով իրենց դարակներուն մէջ:

Մինչեւ մեռնիլը գլխուն  հարուածներ իջեցուցած Մանալ Ասիի ամուսինը` տեսնելով, որ իր հարուածները այդքան ալ արդիւնաւէտ չեն զոհը սպաննելու համար, նոյնիսկ գործածած է տան Ճնշեփը  (Prestto-ն): Ան Մանալը արինլուայ ընելէ ետք կապ հաստատած է Մանալին  մօրը  եւ քրոջը հետ, որպէսզի գան եւ զոհը «շալկուած» վիճակով հիւանդանոց տանին: Աւելի ուշ` իր կնոջ մօր եւ քրոջ դէպքի վայր հասնելէն ետք  մտափոխուած է: Ան մերժած է Մանալի եղբօր աղերսները` արիւնլուայ Մանալը հիւանդանոց տանելու մասին: Անգամ զէնքով սպառնացած է անոր: Այս բոլորը տեղի ունեցած են անցնող 4 Փետրուարին: Իսկ Մանալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կատարուած են 6 Փետրուարին:

Մանալ առաջինը չէ «ընտանեկան բռնութեան» զոհ գացած կիներուն, ու մեծ է հաւանականութիւնը, որ 3,5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող (բնականաբար, չեմ հաշուէր Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականները) երկրին մէջ նմանօրինակ ոճիրներ դարձած են յաճախակի: Այս մասին հաղորդագրութիւններ հրապարակած   կանանց իրաւունքներու պաշտպան ոչ կառավարական NG0-ները կը բարձրաձայնեն  ու կը բողոքեն, բայց անոնց բողոքը աւելի անդին չերթար:

Այլ պարագայ մըն է Րուլա Եագուպը, որուն ամուսինը ձերբակալուել է եւ բանտարկուելէ ետք` այսօր կը գտնուի ազատութեան մէջ: Պարզ անոր համար, որ դիազննող բժիշկներուն կարծիքով` ան մահացած է ոչ թէ իր ամուսինէն իր գլխուն տրուած հարուածներէն,  այլ ուղեղի կաթուածի պատճառով:

 Րուլա Եագուպ, որ մայր է հինգ երեխաներու եւ իր ամուսնոյն հետ կ’ապրէր իր մօր պատկանող բնակարանին մէջ: Նոյն Րուլայի մայրը, պատմելով իր փեսայի մասին, կ’ըսէ. «Ես անոր ըսած էի, որ դուն ոչ թէ փեսաս ես, այլ զաւակս: Ու ատոր համար ալ ըսի` եկուր միասին ապրինք: Գիտեմ նաեւ, որ Քարամը ամէն անգամ որ դուրսէն ջղայնացած տուն գար` կը ծեծէր աղջկաս: Չէի մտածեր, որ ես էի, որ պիտի թաղէի զաւակս: Իմ փափագս էր, որ ան զիս հողին յանձնէր եւ ոչ թէ` հակառակը»:

Այս բոլորէն ետք  Քարամ Ալ Պազի այսօր ազատութեան մէջ է, իսկ հինգ որբերն ու զոհին մայրը անտէր են ու անօգնական:

Մինչ  Քարամ Ալ Պազի ազատութեան մէջ է, անդին անճանաչելի դարձած Մանալ  Ասիին ամուսինը` Մոհամմատ Ալ Նահիլի, ոճիրէն 48 ժամ անց ձերբակալուած է ու կը գտնուի կալանքի տակ:

Քիչ չեն Մանալ Ասիները, ու քիչ չեն նաեւ անոնք, որ այսօր տակաւին տարբեր ձեւերով կ’ենթարկուին սարսափազդու չարչարանքներու, ծեծի եւ բռնութեան:

Թաւշեայ ընկերութեան մը բոլոր տուեալները ունի Լիբանանը: Յատկապէս գեղեցիկ  եւ հրապուրիչ կանայք, որոնք նստած են նորագոյն ինքնաշարժներուն մէջ, սեւ մեծ ակնոցներով, հեշտագին հայացքով, անկախ եւ ազատագրուած ըլլալու բոլոր  ցուցանիշներով ապրող այդ կիները մայրիշխանական ընկերութեան իսկական հայելին են: Ուրեմն կայ նաեւ իսկական մայրիշխանական հասարակարգ:

Խորքին մէջ, սակայն, այդ երեւոյթները իրական հիւանդութիւնները ծածկող քսուքներ են:

Մանալ Ասիի սպաննութիւնէն երկու օր անց  լիբանանցի լրագրող մը` «Էլ. Պի. Սի.» կայանի լրագրողը, ընդհանուր գնահատական մը տալով երկրի ներկայ իրավիճակին,  ըսած է. «Մանալ Ասիի  սպաննութիւնը մեծագոյն ցուցանիշ է, որ ինչպիսի  ախտերով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ մեր ընկերութիւնը»:

Լիբանանեան ընկերութիւնը  սորված է իր տան գորգին տակ պահել աղտերը: Ան հմուտ է տան մէջ կուտակուած աղբը պահել խոհանոցին մէջ:

Իսկ  ինչ կը վերաբերի Լիբանանահայ գաղութին, այդ մասին ցարդ ոչ մէկ պաշտօնական կամ անպաշտօն տուեալներ կան այս ուղղութեամբ:

Կարեւոր  հարցադրում է նաեւ,  որ  արդեօք հայահոծ բնակչութիւն ունեցող տարբեր շրջաններուն մէջ այսօր կա՞ն հայ կիներ, որոնք «տնային բռնութեան» կ’ենթարկուին:

Եթէ կան այդպիսի պարագաներ, ապա պէտք է բարձրաձայնեն:

Անպայման:

                                                      

Նախորդ հոդվածը‘Այսօր ամենայն Հայոց բանաստեղծ Հովհաննես Թումանյանի ծննդյան օրն է’
Հաջորդ հոդվածը‘Ուկրաինայի Անվտանգության ծառայությունը նոր հետաքննություն է սկսում’