‘Երուսաղեմի պատրիարքը՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին. «Վեհափառ, ու՞ր կերթաս»’

2116

Արդեն տեղեկացրել ենք, որ Երուսաղեմի պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկյանը նախօրեին նամակով դիմել է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդին՝ իր տարակուսանքը հայտնելով հուլիսի 313-ին Էջիածնում տեղի ունեցած գերագույն հոգեւոր խորհրդի կայացրած՝ Ֆրանսիայի թեմիառաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարյանի հրաժարականի մասին կայացրած որոշմանն ուղեկցող պարզաբանումների վերաբերյալ: Ներկայացնում ենք Երուսաղեմի պատրիարքի նամակն ամբողջությամբ, ըստ Aravot.am-ի:

 

Ն. Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ամենայն հայոց

Մայր աթոռ ս. Էջմիածին՝ Հայաստան.

Վեհափա՛ռ Տէր

Դիպուածով ձեռքս անցաւ տակաւին երէկ (հուլիսի 31-ին—խմբ.) տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հաղորդագրութիւնը, որուն մասնակից ժողովականները «Յետ քննարկութեան ընդունած են Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը եւ» … խնդրանք ներկայացուցած են Վեհիդ հաստատելու զայն: Եւ Նորվան սրբազանի նկատմամբ այդ Ժողովին առած որոշման հետեւանքով՝ իմ վրայ թողած ծանր ու անհաճոյ տպաւորութեան տակ կը գրեմ սոյն նամակը՝ մղուած պարզապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Մայր աթոռին եւ Վեհիդ անձին շահերէն: Յուլիս 31-ի տխրահամբաւ ժողովի մասնակիցները կը ճանչնային Նորվան սրբազանը իբր նուիրեալ եկեղեցական, բարի ու համեստ անձնաւորութիւն մը, ուրեմն ի՞նչն էր որ զիրենք մղեց այդ ճակատագրական սխալ քայլը առնելու: Կարծեմ, երբ օդակայանին մէջ, – կարեւոր չեն ներկաները, – դուք պահանջեցիք Նորվան սրբազանէն վերահաստատել Տէր Վաչէ կոչեցեալ քահանան իր պաշտօնին մէջ, երկիցս կրկնելով՝ «Եթէ մինչեւ յուլիս 1 զինք պաշտօնի չկոչես. այլեւս Մայր աթոռի հետ գործ չունիս», արդէն ճակատագիրը որոշած էիք: Վեհափառ Տէր, եթէ թոյլ տաք եղբայրաբար պիտի ըսէի, թէ ըսպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրօնականին, նամանաւա՜նդ բարձրաստիճան՝ «Ամենայն հայոց հայրապետին», որմէ կակնկալուի իբր իրա՜ւ ՀՕՐՄԷ ու ներողամիտ ՄԵԾԱՒՈՐէ սիրով ու ներողամիտ ոգիով վերաբերիլ իր զաւակներուն եւ կամ ստորադասներուն հետ եւ նկատմամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցւոյ իշխանաւորն անտեսել ի հաշիւ պարզ քահանայի մը, որ նոյնիսկ եթէ իսկապէս որոշ արժանիքներու տէր անձ մըն է, այդ պարագային թելադրելի էր որ Մայր աթոռին ծառայէր: Ինչպէս որ գեղեցիկ բնութիւնը կարիք ունի ազատ շունչի ու լոյսի, մինչ փակ եւ մութ տեղերու մէջ անոր կեանքը կը դառնայ վատառողջ եւ հետեւաբար անշնչելի ու սահմանափակ, նոյնն է պարագան նաեւ ընկերային կեանքին, կազմակերպութիւններուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն: Եթէ չեմ սխալիր, յառաջիկայ նոյեմբերին Նորվան սրբազանի առաջնորդական շրջանը կաւարտէր, եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պատկեր-անդամները կրնային ա՜յն ատեն «ընդունիլ» իր հրաժարականը: Միթէ Ձեր «Շինարար կաթողիկոս»-ի համբաւը իսկապէ՞ս կուզէք կարգալոյծ հռչակուածներու շարքը երկարելով … ջնջել: Յամենայնդէպս, եղածը անընդունելի եւ մեծ անարդարութիւն մըն էր, եկող՝ Ս. Էջմիածնէն, Հայ ժողովուրդի սրբութիւն սրբոցէն, ու միայն Տէրը գիտէ, թէ տակաւին շարքը որքա՛ն պիտի երկարի: Վեհափառ Տէր, եթէ կը յիշէք մի քանի տարիներ առաջ երբ ամենայն հպարտութեամբ, –եւ այս արդարացիօրէն,– ինծի ցոյց կու տայիք Մայր աթոռի շրջափակէն ներս Ձեր կառուցել տուած գեղեցիկ շէնքերը, ըսի Ձեզի, թէ նիւթական շէնքերուն չափ եւ աւելիով կարեւոր էր հոգեւոր շէնքը ամրացնել, եւ Դուք վստահեցուցիք, թէ այդ եւս պիտի ըլլար: Սակայն ժամանակը եկաւ փաստելու, թէ արտաքինն ու նիւթականն էր էականն ու Ձեզ հետաքրքրողը: Իսկ երկու տարի առաջ երբ փորձած էիք մեր ապառողջ Թորգոմ պատրիարքը համոզել, որ «աթոռակից» մը ընտրել տար, եւ ան մերժած էր Ձեր առաջարկը, ետքը Դուք Արիս արք. Շիրվանեանին, որ ըսած էր Ձեզի. «Մենք մեր կանոնադրութեան մէջ այդպիսի յօդուած մը չունէինք», որուն Ձեր իրեն կատարած սպառնալիքը եղած է, «Ես ձեր բոլորին կարգը կառնեմ», ինծի ալ կրկնեցիք նոյնը, եւ իմ պատասխանս եղաւ. «Վեհափառ, ո՞ւր կերթաս, ուրիշ բան չե՞ս գիտեր»: Անկարելի է, որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր Ժողովուրդը եւ Մայր եկեղեցին, որոնք ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունին մաքրակրօն, զարգացած եւ իրա՜ւ եկեղեցականներու եւ ո՜չ թէ գարշապար լիզողներու: Հետեւաբար սոյն գրութեամբ կու գամ Վեհիդ յայտնելու, թէ ի մտի ունենալով ներկայ լարուածութիւնը մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, որոշած եմ յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-28 տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսական ժողովին չմասնակցիլ: Թէեւ Արիս արք. Շիրվանեան ներկայ պիտի գտնուի, սակայն ան չի ներկայացներ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը:

Մատչելով ի համբոյր օծեալ աջոյն՝ Նուրհան արք. Մանուկեան

(Պատրիարք հայ Երուսաղէմի)   

Նախորդ հոդվածը‘Թուրքիայում ավարտվել է «Էրգենեկոնի» գործով դատավարությունը. Գեներալիտետը դատապարտվել է (տեսանյութ)’
Հաջորդ հոդվածը‘Բերդի սահմանագոտում սպա և պայմանագրային զինծառայող է վիրավորվել’