‘iLur Բլոգ. Ի՞նչ կը պատահի Իրաքի մէջ եւ ո՞վ է պատասխանատուն’

2473

(Սիւննի-Շիիթ Հակամարտութիւնը Կը Սպառնայ Ամբողջ Միջին Արեւելքին)

Սագօ Արեան

Միամտութիւն է կարծել, որ անցնող Երեքշաբթի օր Իրաքի մէջ սկիզբ առած զինուորական գործողութիւնները  կատարուեցան միայն «ՏԱՀԷՇ»ի («Իրաքի Եւ Դամասկոսի Իսլամական Տէրութիւն») կողմէ: Այսպէս Քարտէզի վրայ  այդ տարածքներուն մօտէն նայողին համար պարզ պիտի դառնայ, որ առանց տեղական նեցուկի «ՏԱՀԷՇ»ը ունակութիւն չունի երեք- չորս օրուան ընթացքին իր գրաւել Մուսէլ, Թքրիթ (Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրը) Սալահ Էլ Տին, Սամարա եւ նաւթի մեծագոյն պաշարները պարունակող Քէրքուք քաղաքները: Այսօր նոյն այդ զինեալները յայտարարած են, որ իրենց համար գերագոյն նպատակ է գրաւել մայրաքաղաք Պաղտատն ու Շիիթներու համար  կարեւորագոյն սրբավայր համարուող Քարպալլա քաղաքը: Երեւելի է նաեւ, որ գործողութեան ընթացքին  տեղի չունեցան  աչքի զառնող էթնիք զտումներ իսկ շրջաններէն  գաղթող իրաքցիները  հեռացան, ոչ թէ «Ահաբեկիչներ»էն այլ Մալէքիի  տիրապետութեան տակ եղող օդուժին հարուածներէն: Աւելի յստակացնելու համար պատկերը պէտք է նաեւ կարեւորութեամբ կարդալ Շէյխ Ալի Ալ Հաթէմի  ըրած յայտարարութիւնը ուր Իրաքցի աշիրաթապէտը  յայտատարեց, թէ այս դէպքերը կատարողները ահաբեկիչները չեն այլ  Իրաքի ազատատենչ  բնակիչները որոնք  վերջին երկու տարիներուն խաղաղ միջոցներով (յատկապէս Ալ Անպարի մէջ) իրենց բողոքը արտայայտած են Մալէքիի եւ անոր վարչախումբի սխալ իշեխելաոճին դէմ:

Իրաքի վարչապետը ներկայ պահու դրութեամբ յայտնուած է ծանր դրութեան մը մէջ ու ան  բացայայտօրէն դարձած է կողմ ու հետաքրքրական է, թէ պիտի կարողանայ այս «Տաք շագանակներ»ը իր ձեռքերուն մէջ պահել: Իրաքի մէջ կատարուածը Սիւննի  հատուածներուն  բողոքի ուժեղ ալիքն է որուն հեղինակները սկսած են դանդաղօրէն  բնութագրել եղածը եւ սեղանին դնել հիմնական մէկ պահանջը որն է ՝ Նուրի Ալ Մալէքիի հրաժարականը:

Բացի ասկէ պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ, որ Իրաքեան տագնապին արմատները կը գտնուին ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճօրճ Պուշ կրտսերի կարճատես քաղաքականութեան մէջ եւ կը շարունակուին Ամերիկայի այսօրուան վարչաձեւի աններելի սխալներով  ուր նախագահ Պարաք Օպամա  կը փորձէ «սրբագրել»  իրավիճակը ենթադրելով, որ  25 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի յատկացումներով ստեղծուած բանակ մը վերջ պիտի տայ Իրաքի գողգոթային:

Ասոր դիմաց  երեւելի կը կաշառակերութեան հիմունքներով ստեղծուած բանակ, որուն զինուորներն ու սպաները ոչ մէկ հաւատք կը տածեն իրենց ղեկավարութեան հանդէպ ու այդ պատճառով ժամերու մէջ իրենց տարազները գետին նետելով «ահաբեկիչներուն» կը յանձնեն Իրաքի ամէնէն կարեւոր քաղաքները: ԱՄՆ-ի կողքին շրջանին մէջ մեծ դեր ունի նաեւ Իրանը: Իրանի որդեգրած դիրքորոշումներուն մասին կարեւոր բացայայտում ըրած է Ալի Նուրի Զատան (Իրանէն դուրս ապրող այլախոհ փորձագէտ), որ յայտնած է, թէ նախագահ Հասան Րուհանի խորապէս հիսաթափուած է Մալէքիի սխալ գործունէութիւնէն եւ թէ Իրան  մեծ ճիգ կը տանի զայն փոխարինող մը գտնելու համար: Փորձագէտը նաեւ հաւաստած է, թէ Րուհանի այս մասին խօսած է, անցեալ Շաբաթ օր Իրանի ազգային անվտանգութեան նիստին ընթացքին եւ ըսած, թէ իրենք բաւական մտահոգ են Իրաքի զարգացումներուն առընթեր: Իրան նաեւ հանգիստ աչքերով չի նայիր Իրաքի Քիւրտերու դիրքերուն հզօրացման եւ կը նախընտրէ, որ անոնք ընդհանուր պետութեան մը մաս կազմեն քան թէ ստեղծեն իրենց տարածքները: Խաբկանք է նաեւ, որ Իրան բախումի պիտի երթայ «ՏԱՀԷՇ»ին հետ յատկապէս, որ Իրանցիները Սուրիոյ մէջ երեւելի կերպով կը գործակցին «ահաբեկիչներուն» հետ:

Թրքական ճակատին վրայ տակաւին յստակ կոմնորոշում չկայ: Այս առումով Թուրքիոյ այդքան ալ մտահոգ չէ Իրաքի կացութեամբ,  ինչքան որ Թուրք 80 -է աւելի առեւանգեալ քաղաքացիներուն ճակատագրով:  Իսկ ինչ շահ կամ «պատգամ»  ունի Թուրք  հիւպատոսին եւ քաղաքացիներուն առեւագումը այդ  մէկը պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ օրերուն:

Նոյն Թուրքիան տխուր պիտի չըլլայ եթէ Իրաքը մնայ քաոսային վիճակի մը մէջ առանց մտածելու, որ նոյն այդ ահաբեկիչները կրնան  անաղմուկ կերպով թրքական հողեր թափանցել:

 Բոլորին համար  ձեռնտու է թոյլ , անկարող, հիւանդ եւ արիւնախեղդ Իրաք մը:

Ու տակաւին խօսակցութիւններ կան, որ այս ընթացքը Իրաքը պիտի տանի մասնատումի ստեղծելով՝ Սիւննի, Շիիթ եւ Քրտական «Իրաքներ»:

Միջին արեւելիքի մէջ Ամերիկեան քաղաքականութեան ձախող դերակատարումներէն ետք նախագահ Օպամայի գերատեսչութեան հանդէպ ոչ մէկ վստահութիւն կայ մանաւանդ Սիւննի Արաբական տէրութեանց մօտ:

Եւ այս պատճառով է նաեւ, որ Իրաքի ընդհանուր իրավիճակին կարգաւորման  մէջ շատ բան կախեալ է Իրանէն: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Շիիթ աշխարհի թիւ մէկ առաջնորդ երկիրը նոյնինքն Օպամայի գերատեսչութեան կողմէ  անուղղակի ամբողջական լիազօրութիւններ ունի: Նոյնն է պարագան նաեւ Սուրիոյ մէջ,  ուր ԱՄՆ-ի ԱԳ նախարար Ճոն Քէրի Պէյրութի մէջ «աղաչական» ոճով կը դիմէ «Հըզպալլա»ին որ դադրեցնէ  պատերազմը Սուրիոյ մէջ:

ԱՄՆ  Կը դատապարտէ «Հըզպալլա»ն բայց կոչ կ’ուղղէ  անոր,  որ դադրեցնէ պատերազմը Սուրիոյ մէջ: Կը դատապարտէ Մալէքին բայց նաեւ գաւազան ցոյց տալով կը վստահեցնէ, թէ իր օդուժը պատրաստ է  այրել Սիւննի «ահաբեկիչներ»ուն ձեռքերը:

Միացեալ Նահանգներ իր ձեռքերուն մէջ կը պահէ Սիւնիի եւ Շիիթ հակամարտութեան կարեւոր խաղաքարտը: Իրաքեան տեսադաշտին վրայ սակայն  այդ քաղաքական ձեւաչափը  կրնայ  դուրս գալ Օպամայի ճանկերէն  եւ պատճառ դառնալ ամբողջ տարածաքաշրջանի հրկիզման: Եւ այդ  հրկիզումը կրնայ երկար տարիներ տեւել:

Ցաւօք ոչ Սէուտական Արաբիան եւ ոչ ալ Իրանը տակաւին չեն  կրցած հասկնալ, որ  Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւոր է որ անոնք մնան յաւիտենական թշնամիներ, լեցուին ատելութեամբ  եւ արեան հեղեղներ հոսեցնեն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

Յառաջիկայ օրերը կարեւոր պիտի ըլլան Իրաքի համար: Նաւթի մեծ պաշարներով հարուստ այս երկիրը կանգնած լուրջ վտանգներու առջեւ:

Արդե՞օք Իրաք բռնած է մասնատումի ճամբան:

Սպասենք: 

Նախորդ հոդվածը‘Մեսսիի գոլը оգնեց Արգենտինային հաղթելու Բոսնիա և Հերցոգովինային (տեսանյութ)’
Հաջորդ հոդվածը‘ Հյու Բեյլի. ՆԱՏՕ-ն կշարունակի ԼՂ հակամարտության կարգավորմանն ուղղված իր ջանքերը’