‘iLur Բլոգ. Սեւան Նշանեան. Մեծ եւ փոքր բանտերու մասին ‘

2574

Սագօ Արեան 

 

Կանուխ  80 -ականներուն Հրայր Գըլընճեանի ազատութիւնը պահանջող «Ազատե՛նք  հրայրը»   պաստառներն էին: Աւելի ուշ Համբիկ Սասունեանի անունը  կը լսուէր բոլորին բերաններէն: Տակաւին  ուրիշ անուններ որոնց  պատկանելիութիւնը այդքան ալ կարեւոր չէր որքան արարքը:Սկիզբ կ’առնէր բանտի օրագրութիւն մը: Մեծ ու փոքր բանտեր  եւ  բանտերուն մէջէն աճող, բանտերու մէջէն սկիզբ առնող նոր  հանգրուան:

Կապարին դիմաց բանտ կար:Փամփուշտը կը պայթէր Եւրոպայի տարբեր   քաղաքներուն մէջ:Կապարին դիմաց կար նաեւ  ահաբեկիչ պիտակը:

Սփիւռքը ունէր հարցում ու այդ հարցումին  ծայրը կրակոցի ձայն կար:

Աւելի ուշակրակոցը պիտի լռէր:Մեծ ու փոքր բանտերըպիտի փակուէին  ու իրենց կեանքը   տուած տղաքը աշխարհով մէկ   պիտի դառնային յիշատակ ու կոթող:

Անոնք մեծ բանտը փոքր բանտերու կը վերածէին ու մեզի կը պարտադրէին մտածել  ինչպէս դուրս գալ  ծով…

Բանտը նպատակ չէր. միջոց էր պարզապէս:

Թուրքիոյ մէջ եղած բանտերուն մասին  շատ քիչ տեղեկութիւն կար:Լսած ու կարդացած էինք  «Ասալա»ի տղոց գործողութիւններուն մասին:

Պայթում մը հոս, պայթում մը հոն: Կախաղան բանտ ու տանջանք: Անոնք եւս կ’արժանանային Թուրքիոյ բանտերու զնտաններուն:

Թուրքիոյ պարագան  բոլորովին ուրիշ էր եւ այսօր ալ ուրիշ է: Հոն նոյնիսկ աղաւնիի սրտով գրողներուն տեղ չկար:Բառին դիմաց   կար դատ,  հալածանք եւ  զնտան:

Վերջին անունը որուն մասին կը խօսինք այսօր  Սեւան Նշանեանն է:Սեւանը մեծ բանտէն փոքր բանտ փոխադրեց  մեզ: Յիշեցուց որ բոլորս կ’ապրինք մեծ բանտին մը մէջ եւ իրական ճանապարհը բռնելու համար հարկ էր որ մենք քարանձաւ մտնելու պէս   ծռէինք մեր  գլուխները փոքր բանտին մէջ  մտնելու համար:

Մենք բոլորս  Սեւանին ընկերներն  ենք ու ատոր համար ան առանձին չէ իր փոքր բանտին մէջ: Չեմ գիտեր ինչ ընթացք կրնայ ունենալ դէպքերու շղթան բայց վստահ եմ որ Սեւանը իր փոքր բանտի ճաղերուն ետին հակառակ անոր, որ ամէն օր վտանգուած է   աւելի ազատ է  քան մենք: Պարզ անոր համար որ ան  գիտէ տարբերութիւնը մեծ ու փոքր բանտերուն: Մենք մեծ բանտերու շքեղութեան մէջ ապրելով  մոռցած ենք մեր ազատութիւնը եւ  օտարուած :

Հիմա ժամանակն է որ  խօսինք ու   մտածենք Սեւանին մասին որպէսզի վաղը  չափսոսանք: Որպէսզի չըսենք ուշ  եղաւ:

Սեւանը ամէն ինչ ըրաւ է  ազատագրուելու համար մեծ բանտերէն:Գիրով, գիրքով արձանագրութեամբ, մամուլով, հողին վրայ,  քարերուն վրայ կառուցելով ժամանակին  դիմաց, երբեմն  ժամանակին  առջեւ  եւ յանուն ժամանակին ան  բոլոր ճանպարահները  քաջի պէս փորձեց ու գտաւ:

Կը մնայ որ մենք մտածենք  այդ մեծ բանտերուն մասին ուր կապրինք եւ  մոռցած  ենք ամէն ինչ:

Փոքր  բանտի մը ուժը աւելի զօրեղ է  քան մեծ բանտերունը:

Սկսինք հոնկէ: Մնացածը  ժամանակի խնդիր է: Վստահ եմ:

Խմբ.կողմից

Սևան Նաշանյան՝ գրող, լեզվաբան, հետազոտող

Մեղադրվելով Իսլամական առասպելաբանությունը մահմեդականների նման չմեկնաբանելու մեջ՝ դատապարտվել է 13,5 ամիս ազատազրկման

 

 

Նախորդ հոդվածը‘Տեղի է ունեցել Կոնգրեսի վարչության նիստը’
Հաջորդ հոդվածը‘Հովհաննես Թեքգյոզյան. Եկել է կեղծ տեքստը փսխելու ժամանակը’