«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԹՇՆԱՄԻՆ»

862

Ընթերցողին ենք ներկայացնում Ռամկավար ազատական կուսակցության պաշտոնաթերթ հանդիսացող «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրական հոդվածը, որը լույս է տեսել ս․թ․ դեկտեմբերի 5-ին։

Վերնագիրը առնուած է նորվեկեացի թատերագիր Հենրիք Իպսէնի մէկ թատերախաղէն, որ լոյս տեսած է 1882ին: Նիւթը` ճշմարտութիւնը ունեցող անհատին պայքարն է խաւարամիտ զանգուածին դէմ. ճշմարտութիւն մը` որ միայն ի նպաստ է ինքնագիտակցութիւն չունեցող այդ զանգուածին:

Ճշմարտութիւնը ունեցող անհատին պաշտպանութիւնը, հաւաքականութեան դէմ բաւական խնդրայարոյց կեցուածք մըն է ընկերաբանական եւ օրինական սկզբունքներէ դիտուած:

Իպսէնի պաշտպանած թէզը «մեծամասնութեան բռնատիրութեան» դրութիւնն է, որ կրնայ միշտ ճիշդ չըլլալ: Մանաւանդ՝ երբ այդ զանգուածը ժողովրդավարական սկզբունքներով իր քուէն կու տայ եւ կ՚ընտրէ իր օրինական ներկայացուցիչը կամ ներկայացուցիչները, որոնք լիազօրւած են իր անունով տնօրինումներ կատարելու: Կրնա՞յ պատահիլ, որ այդ զանգուածը սխալած ըլլայ: Եթէ խնդրոյ առարկայ դարձնենք զանգուածին անսխալականութեան սկզբունքը, արդէն մերժած կամ հերքած պիտի ըլլանք ժողովրդավարութիւնը:

Աւետիս Ահարոնեան տեղ մը կը բնորոշէ հայ յեղափոխականին առաքելութիւնը՝ գրելով. «Մենք պիտի առաջնորդենք ժողովուրդը իր ազատութեան, հակառակ իր կամքին»:

Իպսէնի թատերախաղին մէջ իր հերոսը՝ Տոքթ. Սթոքման, կը պարտուի եւ կը պախարակուի այն հանրութեան կողմէ, որուն շահերը կը պաշտպանէր ան. իսկ 1993ին Գալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպք մը – անհատը հասարակութեան դէմ – անհատն է, որ կը տանի յաղթանակը գերհզօր կարծուած ընկերութեանց դէմ: Այդ դէպքը օսքարակիր ֆիլմի վերածուեցաւ Erin Brockovich վերնագրով, որ իրական անձի մը անունն էր:

Դուրս գալով թատրոնի ու ֆիլմի աշխարհէն եւ տեսութիւնը փոխադրելով դէպի իրական կեանք, կը հաստատենք, որ երբեմն, այո՛, կրնայ հաւաքականութիւնը սխալիլ եւ անհատը արդարացի ըլլալ:

Այս երեւոյթը լաւագոյնս դրսեւորուած է մեր հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ: Եւ այսօրուան իշխանաւորը` Նիկոլ Փաշինեան, գտնուած է այդ թեզին հակադիր կողմին վրայ: Անդրադառնալէ առաջ այդ փաստին՝ կուզենք հաստատել, որ սկզբունքով մենք դէմ ենք անուանարկութեանց եւ վարկաբեկիչ որակումներու, որոնք հեռու են փաստերը փոխարինելու: Փաշինեանը «կապիտուլանտ» որակող կողմը միայն կը տկարացնէ իր թեզը:

44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Փաշինեան քանիցս առիթը ունեցաւ ինքզինք եւ իր քաղաքականութիւնը պաշտպանելու հրապարակաւ, երբեմն նոյնիսկ ապաւինելով բառախաղերու՝ «ես թիւ մէկ պատասխանատուն եմ, բայց ոչ թիւ մէկ մեղաւորը»:

Այդ բառախաղերէն անդին ան նաեւ տուաւ իրական պատկերը եւ Հայաստանի առջեւ պարզուած երկընտրանքը, ըսելով, որ պատերազմը անխուսափելի էր, որովհետեւ երկընտրանքը հետեւեալն էր. կամ պիտի յանձնէինք Արցախի շուրջի հողերը եւ կամ պիտի դիմակայէինք մեր մերժումին հետեւանքները: Եթէ ես գայի եւ ըսէի՝ ժողովուրդ ջան, պէտք է յանձնենք հողերը, այլապէս պիտի պատրաստուինք պատերազմի, ի՞նչ պիտի ըսէր ժողովուրդը: Պարզ է, որ ժողովուրդը պիտի պարսաւէր, «հող տուող» պիտի որակէր զինք, որովհետեւ անիրապաշտ առասպելով մը սնած էր Արցախի շուրջ. «ոչ մէկ-թիզականները» ողողած էին քաղաքական հրապարակը եւ այդ առասպելներով անպարտելիութեան վստահութիւն մը ներշնչած էին ժողովուրդին: Փաստօրէն, Հայաստանը իր յաւակնութիւնները արդարացնող ռազմական ոյժը չունէր: Եթէ այդ իրականութիւնը անծանօթ էր ժողովրդային զանգուածներուն, վստահաբար ան ծանօթ էր զինուորական ղեկավարութեան եւ իշխող վարչակարգին:

Միջազգային հասարակութիւնը քանիցս յորդորեց կողմերուն ժողովուրդները պատրաստել հաշտութեան ու խաղաղութեան: Ինչ որ կը նշանակէր մեզի համար, հանդէս գալով ժողովուրդին առջեւ՝ խոստովանիլ, որ երկիրը պատրաստ չէ պատերազմի: Ոչ նախկինները ունեցան քաջութիւնը այդ իրականութիւնը ժողովուրդի երեսին պարզելու եւ ոչ ալ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ասպետները: Ոչ ոք ուզեց գէշ մարդ ըլլալ յաչս ժողովուրդին, ու դարձեալ շարունակուեցաւ քաղաքականութեան մէջ փանչունիութիւնը:

Ի դէպ, պէտք է ըսել, որ մէկ կողմէ ճշմարտութիւն է, որ նախկինները կողոպտեցին երկիրը, ապօրինութիւններով տիրացան իշխանութեան, սակայն, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կը պահանջեն հաստատել, որ հայրենիքը նման աղէտի մը, նման պատերազմի մը չառաջնորդեցին: Զինւորին կօշիկ կամ սնունդ չտրամադրելը կրնայ մասնակի ազդակ եղած ըլլալ, սակայն ոչ` ամբողջական պատճառը 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքին:

Ըստ Փաշինեանի խոստովանութեան՝ ճշմարտութիւնը կը յանգի հոն, ուր ինք վատամարդ չըլլալու համար խուսափեցաւ իրականութիւնը եւ փաստերը պարզել ժողովուրդին եւ յանձն առաւ, իր այդ դիրքաւորումով, հինգ հազար հայ երիտասարդներու նահատակութեան եւ Արցախի հողին 75 տոկոսի կորուստին:

Այսօր տակաւին պատմութիւնը չէ տուած իր վճիռը առաջին նախագահին` Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ժառանգութեան մասին: Սակայն, կանուխ չէ պարզելու այստեղ, որ ան հանդիսացաւ միակ քաղաքագէտը ճշմարտութիւնը պարզելու ժողովուրդին, իր պաշտօնը կորսնցնելու գինով: Այսօր, յետադարձ հայեացքով բազում քաղաքագէտներ անդրադարձած են, որ Տէր Պետրոսեանի առաջարկած զիջումով թէ կունենայինք Արցախ եւ թէ ալ հզօր պաշտպանութիւն Սիւնիքի մեր սահմաններուն վրայ: Բայց ինչ որ անփոխարինելիօրէն թանկագին է` խնայուած կըլլար զոհուած ամբողջ սերունդի մը արիւնը:

Այս կապակցութեամբ պէտք է սրբագրել նաեւ անճիշդ պատկերը, որ ոմանք հեշտօրէն կը նետեն հրապարակ, թէ` Փաշինեան հոգեզաւակն է Տէր Պետրոսեանին: Ընդհակառակն, պարզապէս իրարու հակապատկերներ են. Առաջինը՝ իր քաղաքացիական արիութեամբ, իսկ երկրորդը` ամբոխէն վախնալու իր տկարութեամբ:

Այսօր Փաշինեան կը գտնուի երկրորդ փորձութեան մը առջեւ, որ դարձեալ քննութեան պիտի ենթարկէ իր քաղաքացիական արիութիւնը: Ատիկա Սիւնիքի հարցն է: Ան մասնակցեցաւ Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի ժողովին, ուրկէ հրապարակուեցաւ անգոյն եւ անբովանդակ յայտարարութիւն մը:

Յաջորդը, Դեկտեմբեր 15-ի Պրիւքսէլի հանդիպումն է նախագահ Ալիեւի հետ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործակցութեան ժողովի լուսանցքին: Շատ հաւանաբար՝ նման յայտարարութիւն մըն ալ բխի անկէ:

Փաշինեան եւ իր գործակիցները կը պնդեն, թէ Զանգեզուրի միջանցքի խնդիր չէ քննուած եւ պիտի չքննարկուի: Իսկ նախագահներ Էրտողան եւ Ալիեւ կը յայտարարեն, թէ վճռուած է Զանգեզուրի Միջանցքի հարցը: Ի վերջոյ, հայ ժողովուրդը ո՞ւրկէ պիտի իմանայ ճշմարտութիւնը` իր պետական առաջնորդներէ՞ն, թէ՞ թշնամի երկիրներու պետերէն: Բ. Աշխարհամարտին Չըրչիլ համարձակեցաւ ժողովուրդին դիմաց ըսելու՝ «ոչինչ կը խոստանամ Ձեզի բացի արիւնէ, արցունքէ եւ քրտինքէ», եւ տարաւ յաղթանակը:

Հայաստանի եւ արտերկրի ժողովուրդը մտահոգուած է, որ Սիւնիքի անցքին յանձնումով հարուածած պիտի ըլլայ երկրին ինքնիշխանութիւնը: Այլեւս լաւամարդ կամ վատամարդ ըլլալու երկընտրանքը կորսընցուցած է իր իմաստը: Փաշինեանը պէտք է քաջութիւնն ունենայ պարզելու ճշմարտութիւնը:

Հայաստան ռազմական ոյժը չունի դիմադրելու, եթէ Ալիեւ գործադրութեան դնէ իր սպառնալիքը՝ ոյժի կիրարկումով բանալով Միջանցքը: Այդ պարագային հանդիսատեսի դերին մէջ պիտի մնայ միջազգային հանրութիւնը, ինչպէս մնաց պատերազմի օրերուն: Նոյնը պիտի ընէ Ռուսաստանը, որ արդէն Մարիա Զախարովայի միջոցաւ յայտարարեց, թէ «իրադրութիւնը փոխուած է Կովկասի մէջ, եւ Հայաստան հաշուի պէտք է նստի իրականութեան հետ»:

Եթէ տկար է մեր զինոյժը, գոնէ պէտք է գործէ մեր դիւանագիտութիւնը, որ այսօր այնքան ալ արդիւնաւէտ չի թուիր ըլլալ:

Յաճախ մեր վերլուծաբանները, մասնագէտներն ու բանգէտները մեզի օրինակ կը բերեն Իսրայէլի եւ Ամերիկայի յարաբերութիւնները, երբ մեր քաղաքականութիւնը երբեք չի նմանիր Իսրայէլի քաղաքականութեան: Իսրայէլեան լոպին Ուաշինկթընի մէջ է եւ կը հակակշռէ ամերիկեան կեանքի բոլոր բնագաւառները: Եթէ հայկական լոպին նոյն մակարդակի վրայ չէ` մասամբ ամերիկահայութեան մեղքն է, բայց մեծ մասամբ հայրենի իշխանութեանց, որոնք միշտ սխալ ձիու կամ ձիերու վրայ դրած են իրենց գրաւը Ամերիկայի մէջ:

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ ազերիական քարիւղի շահերը եւ քաղաքական ազդեցութիւնը կը գործեն գերազանցապէս, մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները թշնամացած են Մոսկուայի ազդեցիկ հայկական ոյժերուն դէմ, առանց իսկ նախաձեռնելու, որ հայկական լոպի մը կազմուի այնտեղ Ուաշինկթընի օրինակով:

Մեր ազգային բնազդներով չենք կրնար ընդունիլ, որ կորսուած է Արցախը. սակայն, այլ է քաղաքական իրականութիւնը:

Գոնէ կառչինք Սիւնիքին, որ ձեռքէ չերթայ հայրենիքը:

Այս բոլորին մէջ կշիռքի մէջ է վարկը օրուան իշխանութեան եւ անոր գլխաւորին:

Ժամանակն է բնորոշելու, թէ ո՞վ է «ժողովուրդի թշնամին»:

Այդ հարցումին պատասխանը կը թողունք հանրութեան դատումին, մաղթելով որ ան ալ չյանգի Իպսէնի հերոսի ճակատագրին:

Նախորդ հոդվածըԴիվանագետ․ Արևմուտքի գործողություններն այլևս անպատիժ չեն մնա
Հաջորդ հոդվածըՀայելային պատասխան․ Ռուսաստանը արտաքսում է ԳԴՀ-ի երկու դիվանագետների